Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոլսոյ Վճռաբեկ Ատեանը Կը Բեկանէ «Ակօս»-ին Սպառնացած Ազգայնամոլները Անպարտ Արձակելու Վճիռը

May 8, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Ակօս» կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ Վճռաբեկ ատեանը մայիս 4-ին բեկանած է «Ակօս» թերթին սպառնացած ազգայնամոլները անպարտ արձակելու մասին Պոլսոյ մէկ ատեանին վճիռը` պնդելով, որ հայկական թերթին ուղղուած արտայայտութիւնները «ատելութիւն եւ թշնամանք» կը  բովանդակեն:

Յիշեցնենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին օրը` 2015-ի ապրիլ 24-ին, Թուրքիոյ ազգայնական կուսակցութեան Պոլսոյ նահանգային կառոյցի ղեկավար Պիլալ Կէօքչէյորթ եւ «Թուրանի օճախներ» ազգայնական խմբաւորման ղեկավար Էրճան Ուչար սեւ պսակներ դրած էին «Ակօս»-ի խմբագրատան դիմաց, ինչպէս նաեւ հանդէս եկած էին թերթին ուղղուած սպառնալիքներ պարունակող յայտարարութեամբ:

Այս առիթով յարուցուած քրէական գործը քննող Պոլսոյ առաջին քրէական դատարանը անցեալ տարուան նոյեմբեր 18-ին մեղադրեալները անպարտ արձակած էր, անկէ ետք «Ակօս» բողոքարկած էր դատարանին այդ որոշումին դէմ:

Վճռաբեկ դատարանը` հիմնուելով Մարդկային իրաւունքներու եւրոպական դաշինքին վրայ, նշած է, որ ժամանակակից աշխարհին մէջ զրպարտութիւնները, ինչպէս նաեւ պատիւն ու արժանապատուութիւնը վիրաւորող խօսքերն ու յայտարարութիւնները, պատերազմ հրահրող, ատելութեան, խտրականութեան, թշնամանքի ու բռնութեան կոչ պարունակող յայտարարութիւնները կապ չունին արտայայտուելու ազատութեան սկզբունքին հետ, այլ կը գնահատուին իբրեւ յանցանք ու ենթակայ են դատապարտումի:

Վճռաբեկ դատարանի որոշումին մէջ նշուած է նաեւ, որ իրենց յայտարարութիւններով, մեղադրեալները թիրախ դարձուցած են Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով արդար դատավարութիւն պահանջողներն ու «Բոլորս Հրանդ Տինք ենք» կարգախօսը օգտագործողները եւս, ներառեալ` «Ակօս»-ի աշխատակիցները: Համաձայն դատարանի վճիռին, մեղադրեալներու այս արարքը պէտք է նկատի առնուի Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի` հասարակութեան մէջ ատելութիւն եւ թշնամանք հրահրելու մասին թիւ 216-րդ յօդուածին հիման վրայ բան մը, որ Պոլսոյ առաջին դատարանը չէ՛ կատարած:

 

Նախորդը

Հայաստանի Մէջ Ռուսական Խարիսխը Պատրաստ Է ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Գործողութեանց

Յաջորդը

Ազրպէյճանցի Զինուորներու Միջեւ Հրաձգութիւն` Արցախի Սահմանին Մօտ

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.