Մանչեսթըր քաղաքի տերպիի մրցումին, Սիթիի բերդապահ Քլաուտիօ Պրաւօ, որ Եունայթըտի դէմ տեղի ունեցած մրցումին (0-0) վիրաւորուեցաւ, այս տարեշրջանին այլեւս պիտի չկարենայ օգնել իր ակումբին, որովհետեւ ան երեք շաբաթ պիտի չկարենայ դաշտ ներկայանալ:
Վերոնշեալ մրցումը յետաձգուած էր «Փրեմիեր Լիկ»-ի 26-րդ հանգրուանէն:
Նշենք, որ չիլիցի 34 տարեկան բերդապահը 22 մրցումի ընթացքին իր բերդին մէջ ստացաւ միայն 26 կոլ, իսկ վերջին 6 մրցումին ան իր բերդը պահեց անառիկ:



