Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Ապրիլ Բ. – Դէպի Ռազմական Մագլցո՞ւմ

April 27, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու ուժերուն կողմէ սուրիական ռազմական օդակայանին հրթիռակոծումը, զինուորականին կողքին, քաղաքական հարուած մըն էր: Թրամփի հարուածն էր` քաղաքական ներքին եւ արտաքին իր շահերէն թելադրուած: Այս իմաստով ամերիկեան գրոհը չէր նպատակադրեր միայն նիւթական վնաս հասցնել սուրիական բանակին կամ անոր ռազմական օդակայանին: Ատիկա ռուս-ամերիկեան անտեսանելի հակամարտութեան արտայայտութիւնն էր, որուն հետեւանքները տեսանելի պիտի դառնան աւելի ուշ, երբ իւրաքանչիւր կողմ սկսի ցուցադրել իր ռազմական կարողութիւններն ու արտաբերել սպառնական խօսքերը:

Ռազմական գործողութիւնները ընդարձակելու ամերիկեան մարտավարութիւնը կեանքի կոչուեցաւ սուրիական բանակին քիմիական զէնքեր օգտագործած ըլլալու պատրուակով: Քաղաքական բեմականացում մը, որ նախորդներուն նման հիմնուած էր ոչ փաստացի տուեալներու վրայ:

Յարձակումը գործադրող եւ զայն ողջունող կողմերը,  զուգահեռաբար, զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներուն նորանոր յարձակումներու առիթ ընծայեցին` տարածաշրջանի զարգացումները վտանգաւոր լարուածութեան ուղղելու արկածախնդրութեամբ:

Կը թուի, թէ Սուրիոյ վրայ յարձակում գործելու որոշում կայացնելով` Տանըլտ Թրամփ կ՛ուզէ «բարեփոխել» խաղի կանոնները եւ ոչ թէ բոլորովին նոր կանոններ հաստատել:

Առաջին «բարեփոխումը» սուրիական բանակին հարուածելու դուռը պաշտօնապէս բաց յայտարարելն է, եթէ նոյնիսկ այդ բանակի արդիական զինուժին կարեւոր մէկ մասը  ռուսական է, ինչպէս էր պարագան Շաաէրաթ ռազմական օդակայանին: Թրամփ սուրիական ռազմական օդակայանը հրթիռակոծելով, ուղերձ մը կը յղէ Ռուսիոյ` յուշելու, որ անոր դաշնակիցները զերծ չեն իր յարձակումներէն, եթէ այդ յարձակումները Սուրիոյ մէջ իր շահերուն կը ծառայեն: Փաստօրէն  Միացեալ Նահանգներու Սուրիոյ արեւելեան շրջանին վրայ հսկողութիւն հաստատելու ախորժակը օրըստօրէ կը սրի:

Ներքին ճակատի վրայ Թրամփ վերջնականապէս սքողել կ՛ուզէ Օպամայի ժամանակաշրջանը ու կը ձգտի հանդէս գալ որպէս ուժեղ նախագահ, որ քաղաքական զգայուն պահերուն վճռական քայլերու կը դիմէ:

Միացեալ Նահանգներու յարձակումը եւ ռուսական դիւանագիտութեան կտրուկ պատասխանը քաղաքական բեմին վրայ նոր ցնցում մը յառաջացուցին: Ցնցում, որմէ օգտուիլ կը փորձեն կարգ մը կողմեր, յատկապէս Թուրքիան` կրկին յառաջ մղելու Սուրիոյ մէջ ապահովութեան գօտի ստեղծելու իր յանկերգը:

Թուրքիոյ այս երազը, սակայն, գետնի վրայ իրականանալի չի թուիր: Ու թէեւ ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւնները հետզհետէ կը լարուին, սակայն ո՛չ Ռուսիա, ո՛չ ալ Միացեալ Նահանգներ իրենց յարաբերութիւնները փճացնել կը փափաքին:

Ի վերջոյ, այս բոլորը վերջ պիտի գտնեն քաղաքական բանակցութիւններով կամ կողմերու ուղղակի բախումով, որ նոյնպէս պիտի եզրափակուի քաղաքական լուծումով:

«Գ.»

Նախորդը

Խմբագրական «Նոր Յառաջ»-ի. Արեւմուտքը Պատանդ

Յաջորդը

Խմբագրական «Ասպարէզ»-ի. Արմատականացած Ցեղասպանը Մեր Մէջ Պէտք Է Պայքարի Նոր Ջիղ Տեսնէ

RelatedPosts

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն  Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական  Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»
Հայկական

Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.