Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան. «Արցախեան Հերոսամարտը Վկայութիւնն Է Եւ Ապացոյցը, Որ Մենք Նոր Ցեղասպանութիւն Թոյլ Պիտի Չտանք»

April 26, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան` Հայոց ցեղասպանութեան 102-ամեակին առիթով յղած է հետեւեալ ուղերձը:

«Այսօր ապրիլի 24 է` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի օրը: Մենք կը խնկարկենք յիշատակը մեր սրբադասուած նահատակներուն: Տեղահանութեան քողին տակ գործադրուած Եղեռնը Օսմանեան կայսրութեան պետական ծրագիրն էր, որ գործադրուեցաւ ահաւոր, մինչ այդ չտեսնուած դաժանութեամբ եւ հետեւողականութեամբ:

«1915 թուականի ապրիլի 24-ին հազարամեակներով չափուող հայոց պատմութիւնը բաժնուեցաւ երկու մասի` մինչեւ այդ ողբերգական տարեթիւը եւ անկէ ետք: Հրաշքով փրկուած արեւմտահայութեան բեկորները սփռուեցան աշխարհով մէկ` դառնալով սփիւռքահայութիւն:

«Հայութեան նիւթական, մշակութային եւ քաղաքական կորուստները անչափելի են, բայց մեծագոյն կորուստը մարդիկ են, որոնք կրողն էին հինաւուրց, հարուստ եւ ինքնատիպ քաղաքակրթութեան:

«Մեր` ապրողներուս պարտքն է ո՛չ միայն յիշել ու յարգել զանոնք, այլ նաեւ ապրիլ, աշխատիլ ու պայքարիլ կրկնակի աւիւնով` նաեւ անոնց փոխարէն: Ապրիլ, աշխատիլ ու պայքարիլ կենսունակ աշխարհահայեացքով` հաւատալով բարիին, մարդկայնութեան եւ արդարութեան:

«1915 թուականի այդ հրէշաւոր թուականէն արդէն անցած է աւելի քան մէկ դար: Մենք գիտենք, թէ ինչերէ անցած ենք այդ ընթացքին եւ գիտենք, որ յաղթած ենք մահուան: Արցախեան հերոսամարտը վկայութիւնն է եւ ապացոյցը, որ նոր ցեղասպանութիւն պիտի չարտօնենք: Այլեւս երբեք թոյլ պիտի չտանք:

«Հայ ժողովուրդին վերածնունդը իրականութիւն է, եւ անիկա իրականութիւն դարձաւ վերապրող ժողովուրդի զաւակներուն շնորհիւ: Հայրենի հողի վրայ հայոց պետականութեան վերականգնումը  իրականութիւն դարձաւ այդ զաւակներուն շնորհիւ, հայ մշակոյթի եւ գիտութեան վերազարթօնքը իրականութիւն դարձաւ այդ զաւակներուն շնորհիւ:

«Այս ընթացքին մենք աշխարհին պարգեւեցինք ստեղծագործ մտքի հանճարներու ամբողջ աստղաբոյլ մը: Նաեւ մեծանուն հայերու միջոցով աշխարհը տեղեկացաւ, թէ ի՛նչ տեղի ունեցած է մեզի հետ, եւ գիտցաւ, որ անոնք զաւակներն են բնաջնջման եզրին յայտնուած ազգի:

«Ես այս բոլորը կը թուարկեմ ընդգծելու համար մեր ժողովուրդին հսկայական կենսական ու ստեղծագործ ներուժը եւ իմ անսասան հաւատքս մեր կարելիութիւններուն ու ապագային հանդէպ: Այո՛, 1915-ին մենք յայտնուեցանք դժոխքին մէջ, բայց եթէ դէպի կեանք վերադառնալու ճամբուն վրայ մենք մեր մէջ ուժ գտած ենք նման մեծագործութիւններու, ապա անկախ պետականութեան պայմաններուն մէջ` 21-րդ դարուն, ի զօրու կ՛ըլլանք շատ աւելին ընելու:

«Այսօր` ապրիլ 24-ին, Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը խնկարկելու օրը, մենք կը բարձրանանք Ծիծեռնակաբերդի բարձունք կամ կ՛այցելենք այլ յուշարձաններ Հայաստանի տարբեր շրջաններուն մէջ, ինչպէս նաեւ սփիւռքի մէջ: Յիշենք, որ այս տարեկան երթը երթն է վերածնած ժողովուրդի մը, որ չէ մոռցած, թէ ի՛նչ ձգած է իր ետին, բայց եւ այնպէս վստահութեամբ կը նայի դէպի յառաջ»:

 

Նախորդը

Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբը Կը Քննադատէ Թրամփին Ուղերձը

Յաջորդը

Նախագահ Սահակեան. «Քաղաքակիրթ Աշխարհը Պէտք Չէ Մոռնայ Վաղեմութեաան Ժամկէտ Չունեցող Այս Ոճիրը

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.