Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կուսակցութիւններու Համախմբում. «Թուրքիա Ո՛չ Միայն Չի Ճանչնար Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Հայ Ժողովուրդէն Ներում Չի Հայցեր, Այլեւ Կը Շարունակէ Նոյն Քաղաքականութիւնը` Զօրակցելով Ահաբեկչական Խմբաւորումներուն»

April 26, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան կուսակցութիւններու եւ քաղաքական ուժերու համախմբումը, որուն մաս կը կազմէ ՀՅԴ-ն, երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որմէ ետք հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը:

Հաղորդագրութեան մէջ համախմբումը անդրադարձաւ Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայ ժողովուրդին դէմ գործուած Ցեղասպանութեան, որուն պատճառով աւելի քան մէկ միլիոն հայեր նահատակուեցան, եւ հայ ժողովուրդը տեղահանութեան ենթարկուելով տարածուեցաւ ամբողջ աշխարհին մէջ:

«Թրքական վարչակարգը` գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, կը շարունակէ ոճրային այս քաղաքականութիւնը` զօրակցելով ահաբեկչական խմբաւորումներուն, որոնք արաբ ժողովուրդին եւ սուրիացիներուն դէմ ամէնէն վայրագ բռնարարքներն ու սպանդները կը գործեն: Թրքական վարչակարգը կը շարունակէ բռնի ուժով իր հակառակորդները ճնշելու քաղաքականութիւնը: Թուրքիա իր ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւնները մերժող տասնեակ հազարաւորները ձերբակալած է ու արգելափակած` աշխարհի վրայ ունենալով ամէնէն ընդարձակ եւ մեծ արգելարանները, որոնք կը գերազանցեն իսրայէլեան բանտերը:

«Էրտողանի վարչակարգը մարդկային իրաւունքներուն ընդդիմացող այս քաղաքականութիւնը կը շարունակէ` մերժելով ճանչնալ Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ հայ ժողովուրդէն ներում հայցել, ընդհակառակն` այս իմաստով Թուրքիա իր միջազգային բոլոր պարտաւորութիւնները կ՛անտեսէ: Նկատի ունենալով այս կացութիւնը` մենք կը պահանջենք Միջազգային քրէական ատեանէն դատավարութեան ենթարկել եւ հաշուետուութեան կանչել յանցագործները», նշուեցաւ համախմբումի հաղորդագրութեան մէջ:

Նախորդը

Լիբանանահայ Վարժարաններու Աշակերտական Ապրիլեան Հաւաք` Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-ամեակին Առիթով` «Հայ Ժողովուրդին Փորձառութիւնը Նման Է Լիբանանի Փորձառութեան» Շեշտեց Ուատիհ Խազեն

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.