Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետ Հարիրի Այցելեց Հարաւային Լիբանան

April 22, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ վարչապետ Սաատ Հարիրի` ընկերակցութեամբ պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆի եւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, այցելեց Հարաւային Լիբանան: Վարչապետ Հարիրի հարաւային իր շրջապտոյտի ծիրին մէջ նախ այցելեց Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային ուժերուն Նաքուրայի կեդրոնատեղին, ուր հանդիպում ունեցաւ միջազգային ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերիի հետ` մասնակցութեամբ իրեն ընկերակցող պատուիրակութեան: Քննարկուեցաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն առաքելութիւնը` բանակին եւ ապահովական այլ կառոյցներուն հետ շրջանին մէջ ապահովութիւնը եւ կայունութիւնը ամրապնդելու առումով, ինչպէս նաեւ Հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող ընդհանուր կացութիւնը:

Հանդիպումէն ետք վարչապետ Հարիրի յայտարարեց, որ ինք այս այցելութեամբ նախ եւ առաջ փափաքած է շնորհակալութիւն յայտնել Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած լիբանանեան բանակի զօրամասերու սպաներուն, որովհետեւ լիբանանեան բանակը միակն է, որուն պարտականութիւն տրուած է պաշտպանելու լիբանանեան սահմանները: Բանակը միակն է, որ կը պաշտպանէ մեզ` իբրեւ օրինական զինեալ ուժ, եւ որեւէ ուրիշ ուժ չկայ անկէ գերիվեր, որովհետեւ նաեւ բանակն է ազգային յաջող եւ համախմբող այն կառոյցը, որ դուրս է որեւէ հատուածականութենէ:

Վարչապետ Հարիրի նշեց, որ իր շրջապտոյտին սկսած է ՖԻՆԻՒԼ-ի կեդրոնատեղիէն, որ այդ ուժերուն մասնակից բոլոր երկիրներուն շնորհակալութիւն յայտնէ լիբանանցիներուն անունով` Լիբանանի հարաւային սահմաններուն վրայ խաղաղութեան պահպանման գծով միջազգային ուժերուն ի գործ դրած ջանքերուն համար:

«Մեր` իբրեւ պետութիւն, հանրապետութեան նախագահ, կառավարութիւն եւ խորհրդարան, հիմնական պարտականութիւնն է պաշտպանել գերիշխանութիւնը եւ սահմանները, ինչպէս նաեւ մեզի համար այս հարազատ շրջանի բնակիչներուն ապահովութիւնը պահպանել, իսկ թիւ 1701 բանաձեւը կենսական միջոցներէն մէկն է սահմաններու եւ մեր բնակիչներու ապահովութեան պաշտպանութեան», ըսաւ վարչապետ Հարիրի:

Հարիրի անդրադարձաւ նաեւ նախանցեալ օր սահմանային շրջանին մէջ Հըզպալլայի կազմակերպած տեղեկատուական բնոյթի շրջապտոյտին եւ այդ շրջապտոյտի ընթացքին կատարուած այն յայտարարութեան, թէ Հըզպալլա զինուորապէս պատրաստ վիճակի մէջ է Հարաւային Լիբանանի մէջ:

Այս գծով Հարիրի ըսաւ. «Ինչ որ երէկ տեղի ունեցաւ մենք` իբրեւ կառավարութիւն մեզի չի վերաբերի՛ր եւ անկեղծօրէն չենք ընդունիր զայն: Այս պատճառով ալ այստեղ եկանք, որպէսզի հաստատենք, որ մեր դերը իբրեւ կառավարութիւն թիւ 1701 բանաձեւին պահպանումն է: Կասկած չկայ, որ բոլորն ալ գիտեն, թէ քաղաքական կարգ մը հարցերու շուրջ տարակարծութիւններ կան: Սակայն ասիկա չի նշանակեր, որ այս տարակարծութեան հիման կառավարութիւնը ուրիշ ուղղութեամբ ընթանայ:

Մենք կը շեշտենք, որ կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրը կ՛ընդգծէ թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան կարեւորութիւնը: Դուք շատ լաւ գիտէք, եւ ես բազմիցս ըսած եմ, որ գոյութիւն ունին քաղաքական տարակարծութիւններ, զորս մէկ կողմ կը դնենք, եւ այս հարցը անոնցմէ մէկն է:

Ապա Հարիրի ուղղուեցաւ Լապպունէի մէջ տեղակայուած լիբանանեան բանակի դիրքերը եւ ստուգեց Իսրայէլի եւ Լիբանանի միջեւ սահմանամերձ ամէնէն մօտիկ շրջանը:

Յետմիջօրէին ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ Սուրի մէջ ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Հարիրիի եւ անոր ընկերակցող նախարար Սարրաֆի եւ բանակի հրամանատարին: Ճաշկերոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախարար Մոհամէտ Ֆընէյշ եւ երեսփոխաններ Ալի Խրէյս եւ Ապտել Մեժիտ Սալեհ:

Նախորդը

Հաւատարմութիւն Դիմադրութեան Պլոք. «Համամասնական Ընտրական Օրէնքը Սահմանադրական Առումով Օրինակելի Ընտրական Օրէնք Կը Նկատուի»

Յաջորդը

Ուայոմինկ Նահանգը Կը Ճանչնայ Հայոց Ցեղասպանութիւնը

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.