Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատի:
Նիստէն ետք երեսփոխան Հասան Ֆատլալլա կարդաց նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ պլոքը զգուշացուց նախքան 15 մայիսը ընտրական օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն չգոյացնելու վտանգներէն:
Ան շեշտեց, որ եթէ ընտրական նոր օրէնքի մը շուրջ համաձայնութիւն չըլլայ, ապա երկրին մէջ երկփեղկումը աւելի եւս պիտի խորանայ եւ պիտի վերածուի փորձանքի մը` վտանգի ենթարկելով նաեւ Լիբանանի մէջ փոփոխութիւն արձանագրելու յոյսերը:
Ֆատլալլա շեշտեց, որ համամասնական ընտրական օրէնքը սահմանադրական առումով օրինակելի ընտրական օրէնք կը նկատուի:



