Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վրաստանի Հայ Համայնքը Յոյս Կը Յայտնէ, Որ Վրացական Իշխանութիւնները Պիտի Չարգիլեն Թուրքիոյ Դեսպանատան Դիմաց Իր Հաւաքը

April 21, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստանի հայ համայնքը հրապարակեց յայտարարութիւն մը, որուն մէջ նշուած է. «Հասարակութեան հետաքրքրութեան աճին ի տես անհրաժեշտ կը նկատենք յայտարարելու, որ հայ ժողովուրդի 1915-23 թուականներու ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած` Վրաստանի հայ համայնքին կողմէ կազմակերպուած բոլոր աւանդական ձեռնարկները (23 եւ 24 ապրիլի ցոյցերը Թիֆլիսի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատան մօտ) տեղի պիտի ունենան:

«Խօսքի եւ հաւաքներու ազատութիւնը երկրի բոլոր քաղաքացիներուն սահմանադրական իրաւունքն է:

«Բոլորը, բացի այն անձերէն, որոնք կը մտնեն ներքին գործոց նախարարութեան կամ պաշտպանութեան նախարարութեան կազմին մէջ, իրաւունք ունին առանց նախնական զգուշացման հաւաքուելու հրապարակաւ եւ անզէն, ինչպէս փակ տարածքի մէջ, այնպէս ալ որեւէ այլ վայրի մէջ», Վրաստանի սահմանադրութիւն յօդուած 25:

«Վրաստանի մէջ գործող օրէնսդրութեան համաձայն, Վրաստանի հայ համայնքը նախօրօք տեղեկացուցած է Թիֆլիսի քաղաքապետարանը ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին նուիրուած ցոյցերու կատարման տեղին, ժամանակին եւ ձեւաչափին մասին:

«Մենք` Վրաստանի ազգութեամբ հայ քաղաքացիներս ներկայացնող Վրաստանի հայ համայնքը, յոյսով ենք, որ Վրաստանը` մեր տունը եւ միաժամանակ Հայաստանին եւ հայ ժողովուրդին բարի դրացիութեան եւ եղբայրութեան բազմադարեայ աւանդութիւններով կապուած երկիրը հանդիսանալով` չի դառնար աշխարհի այն միակ պետութիւնը, ուր հայերուն արգիլուած պիտի ըլլայ կատարել հրապարակային հաւաքներ` նուիրուած հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութեան տարելիցին»:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Ոչ Ոք Թող Երազէ Խորհրդարանի Պաշտօնավարութիւնը Երկարաձգելու, Ընտրական Նոյն Օրէնքը Պահելու Կամ Խորհրդարանը Թափուր Դրութեան Մատնելու Մասին»

Յաջորդը

Ֆրանսահայ Համայնքը Ոեւէ Թեկնածուի Չի Զօրակցիր. «Ֆրանսայի Նախագահական Թեկնածուները Պէտք Է Երաշխիք Տան, Որ Իրենց Դիրքորոշումները Կեղծ Չեն» Կ՛ըսէ Մուրատ Փափազեան

RelatedPosts

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի  Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի  Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի  Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»
Գլխաւոր լուրեր

Կալուզին. «Հայաստանի Հետ Առանց Մուտքի Արտօնագիրի Դրութեան Հաստատման Որոշակի Ժամկէտերը Հաստատելէ Հրաժարիլը Պրիւքսելի Խոստումներու Պատրանքային Ըլլալը Ցոյց Կու Տայ»

September 16, 2026
Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային  Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ  Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»
Հայկական

Քարթհայզեր. «Եւրոպական Միութիւնը Հետագային Կրնայ Հայաստանէն Ռուսիոյ Դէմ Քայլերու Ձեռնարկում Պահանջել»

September 16, 2026
Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.