Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի 16 տարեկանէն վար կրտսերներու ազգային խումբը, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Թեհրանի մէջ (Իրան) տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի տղոց կրտսերներու ախոյեանութեան, երէկ կատարեց իր առաջին մրցումը եւ 68-56 արդիւնքով յաղթեց Իրաքին (19-15, 30-35, 54-46 եւ 68-56):
Այսօր, ժամը 14:30-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Լիբանան կը մրցի Յորդանանի դէմ:



