Շուրջ շաբաթէ մը ի վեր շարունակուող զինեալ բախումներէն ետք, երէկ վերջապէս պաղեստինեան միացեալ ուժերը յաջողեցան մուտք գործել Այն Հելուէ գաղթակայանի Թիրէ թաղամաս եւ տեղակայուեցան բախումներու թիրախ դարձած դիրքերու եւ շրջաններու մէջ: Անոնք խուզարկեցին նշեալ թաղամասին մէջ գտնուող Պիլալ Պատըրի տան «մնացորդաց»-ը, առանց սակայն Պատըրի հետքը գտնելու:
Նախքան այդ, Պաղեստինեան միացեալ ուժերն ու Ֆաթհի հրամանատարութիւնը կրկին ժողով գումարած էին` հարթելու համար նախանցեալ օրուան ժողովին տրուած որոշումներուն շուրջ ծագած տարակարծութիւնները Ֆաթհի եւ միացեալ ուժերուն միջեւ:
Ժողովականները համաձայնած են հետեւեալ կէտերուն շուրջ.
– Վերջ տալ վեց օրերէ ի վեր շարունակուող բախումներուն:
– Զինեալ տարրերը հեռացնել հրապարակէն, յատկապէս բախումներու վայրերէն:
– Պաղեստինեան միացեալ ուժերու տարրերու տեղակայումը բախումներու թիրախ դարձած դիրքերու մէջ:
Այսուհանդերձ երէկ մերթ ընթ մերթ լսուեցան կրակոցի եւ արձակազէնի փամփուշտներու ձայներ:
Նշենք, որ Պիլալ Պատըր, մերժելով ենթարկուիլ միացեալ ուժերու նախանցեալ օրուան ժողովի որոշումներուն եւ պայմաններուն, երեքշաբթիէն չորեքշաբթի լուսցող գիշերուան ընթացքին շարունակած էր իր յարձակումը` վիրաւորելով հինգ պաղեստինցիներ:
Քաղաքական Խորհրդակցութիւններ
Զինուորական ճակատի հանդարտեցման զուգահեռ երէկ շարունակուեցան քաղաքական միջնորդական ու խաղաղարար ճիգերը: Սյս ծիրին մէջ նախագահ Միշել Աուն Պաապտայի պալատին մէջ ընդունեց բանակի ընդհանուր հրամանատար զօրավար Ժոզեֆ Աունը եւ գաղտնի սպասարկութեան պետ գնդապետ-զօրավար Անթուան Մանսուրը: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին Սայտայի եւ յատկապէս Այն Հելուէ գաղթակայանի ու անոր շրջակայքի մայրուղիներու ապահովութեան ամրապնդման միջոցառումները:
Նոյն ծիրին մէջ պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ երէկ ընդունեց բանակի հրամանատար զօրավար Ժոզեֆ Աունը: Անոնք միասնաբար քննեցին երկրին, յատկապէս Սայտայի ու Այն Հելուէի ապահովական վերջին զարգացումները:




