Նախարարաց խորհուրդը երէկ կէսօրէ առաջ գումարեց յատուկ նիստ մը, նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշէլ Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ նախարարներուն: Յատուկ ընտրական օրէնքի մշակման համար նախատեսուած այս նիստին կարծիքներու փոխանակումէն ետք որոշուեցաւ յառաջացնել յանձնախումբ մը, գլխաւորութեամբ վարչապետ Հարիրիի, որուն հիմնական «պարտականութիւնը պիտի ըլլայ մշակել ընտրական օրէնքի տարազ մը եւ զայն ներկայացնել կառավարութեան»:
Այս մասին ժողովի աւարտին հաստատեց տեղեկատուութեան նախարար Մլհեմ Ռիաշի:
Նիստին բացումէն առաջ տեղի ունեցան կողմնակի զրոյցներ ներկաներուն միջեւ: Այս ծիրին մէջ ուշագրաւ էր նախագահ Աունի, վարչապետ Հարիրիի եւ նախարար Ժըպրան Պասիլի միջեւ կայացած դռնփակ զրոյցը: Այս վերջինը դռնփակ նիստ մը գումարած էր նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլի եւ վարչապետ Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատէր Հարիրիի հետ: Աւելի՛ն, նախարար Պասիլ իր Պէյրութ վերադարձին ձեռնարկած է մագոգային կապերու` պատկան կողմերուն հետ յանգելու համար «բոլոր կողմերը գոհացնող ընտրական օրէնքի տարազի մը»: Նախարար Պասիլ անցնող ուրբաթ օր այցելած է Տահիէի շրջան (Պէյրութի արեւմտեան արուարձան) ուր քուլիսային հանդիպումներ ունեցած է ընտրական օրէնքին առնչակից կողմերուն հետ:
Ըստ մեկնաբաններու, նախարարները եւ յատկապէս ստեղծուած նախարարաց յանձնախումբը մրցավազքի մէջ են ժամանակին հետ, նախքան յառաջիկայ 72 ժամերը յանգելու ընտրական օրէնքի գծով «ընդունելի» նախագիծի մը:
Ընտրական օրէնքի բանաձեւման յատուկ նախարարական յանձնախումբը, որուն վարչապետ Հարիրիի կողքին, մաս կը կազմեն նախարարներ Ժըպրան Պասիլ, Ալի Հասան Խալիլ, Հիւսէյն Հաժ Հասան, Փիեռ Պու Ասի, Այման Շուքէյր, Թալալ Արսլան եւ Ժամալ Ժարրահ, այսօր, երեքշաբթի երեկոյեան ժամը հինգին պիտի գումարէ իր առաջին նիստը:
Այս գծով խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կոչ ուղղեց խորհրդարանի գրասենեակի անդամներուն` «նախապատրաստական նիստ մը գումարելու այսօր, երեքշաբթի կէսօրուան ժամը մէկին»: Դէտեր կը նշեն, որ Պըրրի վճռած է «փրկել» խորհրդարանին ճակատագիրը եւ առիթ չտալ սահմանադրական դատարկութեան: Իր կարգին, նախագահ Միշէլ Աուն դահլիճի նիստի բացման իր խօսքին մէջ «հանգստացուց» կողմերը, թէ դատարկութեան վտանգ չկայ, եւ կառավարութիւնը իր նիստերը «բաց» պիտի պահէ, մինչեւ հասնի բոլոր կողմերը գոհացնող ընտրական օրէնքի տարազին:
Նաեւ` Այն Հելուէի Գծով
Կառավարութիւնը երէկ նաեւ անդրադարձաւ Սայտայի պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ վերջին օրերուն ծայր առած բախումներուն եւ որոշեց աշխատանք տանիլ կայունութեան հաստատման, ապահովութեան ամրապնդման ու անօրէն տարրերու յանձնումին գծով:
Ժողովականները այս առիթով բարձր գնահատեցին լիբանանեան բանակին եւ ապահովական ուժերու ճիգերը` գաղթակայանին շուրջ ապահովութեան ամրապնդման գծով եւ անհրաժեշտ նկատեցին Սայտայի մայրուղին զերծ պահել բախումներու ապահովական հետեւանքներէն:
Դատապարտում` Եգիպտոսի Պայթումներուն
Կառավարութիւնը երէկ նաեւ բուռն կերպով դատապարտեց կիրակի, Ծաղկազարդի տօնին, Գահիրէի հիւսիսը` Թանթայի եւ Աղեքսանդրիոյ մէջ ղպտիներու զոյգ եկեղեցիներուն մէջ պատահած ահաբեկչական պայթումները:
Նախագահ Աուն ժողովականներուն փոխանցեց, թէ ինք եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի անջատ ցաւակցագիրներ յղած էին Եգիպտոսի նախագահ զօրավար Ապտել Ֆաթթահ Սիսիի եւ ղպտիներու Թէոդորոս Բ. պապին` իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով եգիպտացի եղբայր ժողովուրդին:



