Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ երեկոյեան ընդունեց ամերիկեան ծերակոյտէն պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ ծագումով լիբանանցի քոնկրեսական Տարիլ Իսայի: Պատուիրակութիւնը, որ դէպի Յորդանան իր մեկնումի ճամբուն վրայ քանի մը ժամով այցելած էր Լիբանան, վարչապետ Հարիրիի հետ խորհրդակցեցաւ շրջանի ու յատկապէս Լիբանանի վերջին իրադարձութեանց եւ երկկողմանի յարաբերութեանց շուրջ:
Հանդիպումին ներկայ էին Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտ եւ Հարիրիի տնտեսական հարցերու խորհրդական Մազեն Հաննա:



