
Ազրպէյճանական «Թրենտ» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ռամին Մեհմանփարասթ Քազանի մէջ յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ցանկութեան պարագային Իրան պատրաստ է ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման առաջարկ կատարելու:
Ան նաեւ յայտնած է, որ Իրան կը զօրակցի բանակցային հոլովոյթի շարունակման եւ պատրաստ է կողմերուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարածքային խնդիրը լուծելու համար Երեւանին եւ Պաքուին օգնելու:
Մեհմանփարասթ Քազանի մէջ հանդիպում ունեցած է Թաթարիստանի պետական խորհուրդի նախագահ Ֆարիտ Մուխամետշինի հետ: Հանդիպումին ընթացքին Մեհմանփարասթ խօսած է նաեւ ռուս-իրանեան յարաբերութիւններուն մասին եւ ընդգծած, որ Թեհրան ու Մոսկուա կրնան շրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութեան պահպանման հարցին մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունենալ:


