Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

October 17, 2011
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի այցելեց նախկին վարչապետ Սելիմ Հըսի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը, միջիսլամական միասնականութիւնը եւ իսլամ-քրիստոնեայ ազգային գոյակցութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը: Հանդիպումին ընթացքին փափաք յայտնուեցաւ Լիբանանի մէջ պահպանելու ապահովական կայունութիւնը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի յայտնեց, որ կառավարութիւնը տեղեկութիւններ ունէր, թէ անցեալ չորեքշաբթի օր Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան գործադրելիք ցոյցին ընթացքին մութ ձեռքեր պիտի օգտագործէին ցոյցը:

ԿԱՌԱՎԱՐԱԿԱՆ աղբիւրներ «Սաֆիր» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման հարցը պիտի քննարկուի պետական պիւտճէի քննարկման վերջին հանգրուանին:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ահմետ Քարամէ շեշտեց, որ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը կառավարութեան կողմէ պիտի կատարուի` աւելցնելով, որ աշխատավարձերու յաւելման որոշումը տրուած է եւ բոլորը պէտք է յանձնառու ըլլան գործադրելու զայն:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ կուսակցութեան ընդհանուր ժողովին ընթացքին կրնայ իր հրաժարականը ներկայացնել: Նշենք, որ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Շերիֆ Ֆայեատ հերքեց այդ լուրը` զայն նկատելով անճիշդ:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ անընդունելի է աչք խփել 1993-էն ի վեր ելեւմուտքի նախարարութեան մէջ արձանագրուած ապօրինութիւններուն առնչութեամբ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երկրին սահմանադրութիւնը խախտած է, երբ խոստացած է Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆատի Հապըր յայտնեց, որ Հըզպալլայի զէնքը եւ լիբանանեան իշխանութեան վրայ բանեցուցած անոր մենատիրութիւնը երկրին տնտեսութիւնը տկարացուցած են:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուալիտ Տաուք դիտել տուաւ, որ կարելի չէ միջազգային հանրութեան ընդդիմանալ` Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը չֆինանսաւորելով:

ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Նազեմ Խուրի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ կացութիւնը լարուած է եւ քաղաքական ու տնտեսական առումով ապակայուն: Ան աւելցուց, որ Լիբանանի կառավարութեան համար ամէնէն վտանգաւորը Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու հարցն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ շեշտեց, որ Սուրիոյ մէջ իշխանափոխութիւնը մեծ ցնցումներ պիտի յառաջացնէ: Ան աւելցուց, որ Սուրիոյ մէջ կատարուելիք փոփոխութիւններուն հետեւանքով Հըզպալլայի զինումը վերջ պիտի գտնէ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի յայտնեց, որ Իրան հանգիստ է եւ Սէուտական Արաբիոյ հետ անոր յարաբերութիւնները լաւ են ու դրական:

ԴԻՒԱՆԱԳԻՏԱԿԱՆ աղբիւրներ «Նահար» օրաթերթին յայտնեցին, որ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի յառաջիկայ 1 նոյեմբերին պիտի այցելէ Պէյրութ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ Լիբանանի իշխանութեան պետերուն, ինչպէս նաեւ պետական ու բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:

ԸՍՏ «Նահար» օրաթերթին, Հըզպալլա խորհուրդ տուած է ուշացնելու Լիբանանի պետական պիւտճէի նախագիծին քննարկումը` յետաձգելու համար Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Քազեմ Խէյր յայտնեց, որ իրենք համոզուած են, թէ Միջազգային դատական ատեանը պիտի կարենայ Լիբանանին ապահովական կայունութիւն եւ արդարութիւն ապահովել, ինչպէս նաեւ բացայայտել նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան ճշմարտութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքի անդամ Ահմետ Ֆաթֆաթ շեշտեց, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արգիլած է Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը:

 

 

Նախորդը

ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ԿԱՑՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԱՇԽԱՐՀԱՍՓԻՒՌ ՑՈՅՑԵՐ. ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՈՍՏԻԿԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ԲԱԽՈՒՄՆԵՐԸ 70 ՎԻՐԱՒՈՐ ՊԱՏՃԱՌԵՑԻՆ

Յաջորդը

ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ ՈՉ ՄԷԿ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԷ ԿԱՐԵԼԻ Է ԶԻՋԻԼ»

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.