Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան Տեսակցեցաւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան Ընդհանուր Տնօրէնին Հետ

April 5, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ հանդիպում ունեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Շարպել Ուահպէի նետ: Հայ-լիբանանեան բարեկամական յարաբերութեանց սերտացման կողքին խորհրդակցութիւնները ընդգրկեցին նաեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի վերջին իրադարձութիւնները, յատկապէս ինչ կը վերաբերի Հայաստանի մէջ կայացած խորհրդարանական ընտրութեանց եւ Ազրպէյճանի հակահայ սադրանքներուն:

Այս առիթով դեսպան Մկրտչեան լիբանանցի իր զրուցակիցը տեղեակ պահեց Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութեանց արդիւնքներէն եւ քաղաքական համակարգի զարգացման հեռանկարներէն:

Դեսպան Մկրտչեան նաեւ անդրադարձաւ ապրիլ 2016-ին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի դէմ սանձազերծուած քառօրեայ պատերազմին առաջին տարելիցին Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին:

Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու միջնորդական առաքելութեան, Ազրպէյճանի ոչ կառուցողական գործելաոճին եւ հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման ջանքերուն հակադրուելու անոր քաղաքականութեան: Հայաստանի դեսպանը նաեւ լիբանանցի դիւանագէտին հետ խորհրդակցեցաւ վերջերս Հայաստանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ ստորագրուած նախնական համաձայնութեան մասին:

Նմանապէս արծարծուեցաւ Լիբանանի ընդհանուր իրավիճակն ու ներքաղաքական գործընթացը, յատկապէս` ինչ կը վերաբերի ընտրական նոր օրէնքի մշակման ճիգերուն եւ անմիջական դրացի երկիրներուն հետ յարաբերութեանց:

Այս առիթով շեշտուեցաւ հայ-լիբանանեան  բարեկամութեան սերտացման անհրաժեշտութիւնն ու բոլոր մարզերուն մէջ գործակցութեան խթանումը:

 

 

Նախորդը

Գնդ. Պալիքեան Նշանակուած Է Ընդհանուր Քննիչ

Յաջորդը

15 Ապրիլի Ժամկէտին Ընդառաջ. Ահաբեկչութեան Դիմակալման, Սուրիացի Գաղթականներու Եւ Ընտրական Օրէնքին Հարցերը` Դարձեալ Առանցքային Քննարկումի Նիւթ

RelatedPosts

Սալամ. «Առանց Անվտանգութեան  Եւ Կայունութեան Չկայ Ներդրում  Եւ Աճող Տնտեսութիւն»
Լիբանանեան

Սալամ. «Լիբանանի Մէջ Պաղեստինցի Գաղթականներու Կացութեան Կարգաւորումը Նոր Մօտեցման Կը Կարօտի»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

ՄԱԿ. «Լիբանանի, Սուրիոյ, Ուքրանիոյ Եւ Աֆղանիստանի Մէջ 9 Միլիոն Անձեր Ձմրան Դիմագրաւման Համար Յաւելեալ Օգնութեան Պիտի Կարօտին»

October 31, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.