Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ-ի Տեղը Ազգային Ժողովին Մէջ` Ըստ Ստացած Ձայներուն

April 5, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

2017-ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը դարձաւ խորհրդարան անցած չորս քաղաքական ուժերէն մէկը: 6-րդ գումարման Ազգային Ժողովին մէջ  Դաշնակցութիւնը  կ՛ունենայ 7 պատգամաւորական տեղ:

Հաշուի առնելով նոր ընտրական օրէնսգիրքով նախատեսուած կարգը`  առաջին 4 իրաւագիրները (խորհրդարանական աթոռ) ՀՅԴ-ի համապետական ցուցակի առաջին տեղերը զբաղեցնող թեկնածուներուն բաժին կ՛իյնան, իսկ միւս 3-ը կը ստանան առաւելագոյն քուէներ հաւաքած ընտրատարածքներու թեկնածուները:

Դաշնակցութիւնը ամէնէն շատ քուէներ ստացած է Շիրակի մարզը ընդգրկող 11-րդ ընտրատարածքին մէջ` 11.945 ձայն, Արմավիրի մարզը  ընդգրկող 6-րդ ընտրատարածքին մէջ` 11.110 ձայն, եւ Տաւուշի մարզը ընդգրկող 13-րդ ընտրատարածքին մէջ` 9.095 ձայն:

Այս ընտրատարածքներուն մէջ վարկանշային կարգով Դաշնակցութեան թեկնածուներէն  ամէնէն շատ ձայներ հաւաքած են Ռոմիկ Մանուկեան (11-րդ ընտրատարածք, Շիրակի մարզ)` 3.100 ձայն, Անդրանիկ Կարապետեան (6-րդ ընտրատարածք, Արմավիրի մարզ)` 2.972 ձայն, եւ  Սուրէն Մանուկեան (13-րդ ընտրատարածք), որ ստացած է 5.274  ձայն` դառնալով Դաշնակցութեան ամէնէն շատ քուէ ստացած վարկանշային թեկնածուն` բոլոր ընտրատարածքներու հաշուարկով:

Այս ընտրութիւններուն, Դաշնակցութիւնը կրցած է մօտ 20 հազար քուէներու աճ արձանագրել նախորդին հետ բաղդատած:  Եթէ 2012-ին ՀՅԴ-ի օգտին քուէարկած էր 85.550 քաղաքացի կամ քուէարկողներուն 5,67 առ հարիւրը, ապա  այս ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան ձայն տուած է  103.173 քաղաքացի կամ քուէարկածներու 6,58 առ հարիւրը:

Իսկ թէ որո՛նք մաս պիտի կազմեն Ազգային ժողովի կուսակցական  խմբակցութեան, վերջնական որոշումը պիտի տայ ՀՅԴ-ի Հայաստանի Գերագոյն մարմինը:

 

Նախորդը

ԱՊՀ Դիտորդական Առաքելութիւնը Հայաստանեան Ընտրութիւնները Գնահատած Է Բաց Ու Թափանցիկ

Յաջորդը

Ակնարկ. Նորընտիր Խորհրդարանը` Աշխարհաքաղաքական Դիտանկիւններէ

RelatedPosts

Ակնարկ.  Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Եռակողմը Եւ 2+1 Յարաբերակցութիւնը

October 21, 2026
Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի  Անդամ, Գաղթականներու Հարցերու  Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին  Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար
Գլխաւոր լուրեր

Յակոբ Բագրատունի` Խորհրդարանի Դիւանի Անդամ, Գաղթականներու Հարցերու Յանձնախումբի Նախագահ Եւ Արտաքին Յարաբերութիւններու Յանձնախումբի Քարտուղար

October 21, 2026
Թրամփ. «Պատրաստ Եմ Չինաստանի Մէջ  Փութինի Եւ Շիի Հետ Հանդիպում Ունենալու»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պատրաստ Եմ Չինաստանի Մէջ Փութինի Եւ Շիի Հետ Հանդիպում Ունենալու»

October 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.