Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Նոր Սերունդ» Երիտասարդական Միութեան Անդամները Արցախ Կ’այցելեն

April 5, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան խումբ մը անդամներ այս օրերուն կը գտնուին Արցախ: Այցելութեան նպատակը 2016 թուականին ապրիլեան պատերազմին ընթացքին եւ անկէ ետք նահատակուած զինուորներու ու կամաւորներու ընտանիքներուն հետ հանդիպում ունենալն էր: ՀՅԴ «Նոր սերունդ»-ի վարչութեան անդամ Ցոլին Ճինեան նշած է, թէ Ֆրանսայի երիտասարդական միութեան անդամները վեց ամիս շարունակ աշխատած են այս ծրագիրը իրականացնելու համար: Ֆրանսայի Մարսէյ, Փարիզ եւ Վալանս քաղաքներուն մէջ կազմակերպուած համերգներուն հասոյթը որոշած էին օգտագործել ծրագիրը իրականութիւն դարձնելու:

«Մեր ըրածը շատ աննշան տոկոսն է հերոսներուն կատարածներուն հետ բաղդատելով, բայց կ՛ուզենք ըսել, թէ սփիւռքահայը մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւի Արցախի մէջ կատարուող դէպքերուն եւ միշտ հայրենիքի կողքին է», հաստատած է Ցոլին Ճինեան:

Ֆրանսայի երիտասարդական միութեան անդամները ՀՅԴ Արցախի երիտասարդական միութեան անդամներուն հետ քանի մը օրուան ընթացքին այցելած են Արցախի շրջաններուն եւ Ստեփանակերտի մէջ ապրող նահատակ զինուորներու ընտանիքներուն եւ իրենց զօրակցութիւնն ու աջակցութիւնը փոխանցած են անոնց:

Երիտասարդները, բացի դրական աջակցութենէն, ընտանիքներուն փոխանցած են Ալֆորվիլի ՀՅԴ «Սողոմոն Թեհլիրեան» պատանեկան միութեան անդամներուն նամակը: Պատանիներուն համար սուրբ նահատակները անձնազոհութեան եւ ազգասիրութեան տիպարներն են, որոնց պարտական ենք այսօրուան Հայաստանի եւ Արցախի անկախութիւնը:

ՀՅԴ Ֆրանսայի «Նոր սերունդ» երիտասարդական միութեան անդամները կը նախատեսեն այցելել նաեւ սահմանը հսկող ու պաշտպանող զինուորներուն:

 

 

Նախորդը

«Մոսկուան Պատրաստ Է Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Երաշխաւորը Դառնալու» Կ՛ըսէ Լաւրով

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներու Դեսպանատուն. «Ընտրութիւնները Լաւ Կազմակերպուած Էին, Հիմնարար Ազատութիւններու Յարգանքը Ապահովուած Էր»

RelatedPosts

ԵԱՏՄ-ի Մէջ Ներկայացուցին Հայաստանի  Անդամակցութեան Կասեցման  Հետեւանքներուն Մասին Զեկուցումը
Գլխաւոր լուրեր

ԵԱՏՄ-ի Մէջ Ներկայացուցին Հայաստանի Անդամակցութեան Կասեցման Հետեւանքներուն Մասին Զեկուցումը

October 21, 2026
Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը  ՔՈՓ17-ի Մասնակիցներուն Կոչ Ուղղեց`  Ուշադրութիւն Դարձնելու  Արցախահայութեան Իրաւունքներուն
Հայկական

Արցախի Ազգային Ժողովի Նախագահը ՔՈՓ17-ի Մասնակիցներուն Կոչ Ուղղեց` Ուշադրութիւն Դարձնելու Արցախահայութեան Իրաւունքներուն

October 21, 2026
ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացումը  Պիտի Ընդգրկուի Ազգային Ժողովի Օրակարգին Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

ԹՐԻՓՓ-ի Համաձայնագիրի Վաւերացումը Պիտի Ընդգրկուի Ազգային Ժողովի Օրակարգին Մէջ

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.