Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արցախցի Լրագրող Միքայէլ Հաջեան Այցելեց Մեսրոպեան Վարժարան

April 5, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

29 մարտ 2017-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան այցելեց Արցախի պետական ռատիոյի աշխատակից, վաստակաւոր լրագրող եւ քաղաքական վերլուծաբան Միքայէլ Հաջեան, որ Լիբանան կը գտնուէր 2016 թուականի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին նուիրուած ձեռնարկներուն մասնակցելու հրաւէրով:

Ան հանդիպումներ ունեցաւ Մեսրոպեանի աշակերտութեան հետ եւ ծանօթացաւ վարժարանի կրթական ծրագիրներուն ու առօրեային, բարձրօրէն գնահատեց հայ մանուկներու կրթութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան համար ի գործ դրուող ջանքերը, ինչպէս Մեսրոպեանի, նոյնպէս Լիբանանի հայ համայնքին մէջ ընդհանրապէս:

Բարձր դասարաններու աշակերտութեան հետ հանդիպումին ընթացքին Մ. Հաջեան նշեալ պատերազմին կամաւոր մեկնած եւ Թալիշ գիւղի պաշտպանութեան մարտերուն ընթացքին նահատակուած իր զաւկին` Նորայրին եւ անոր ընկերներուն օրինակով բնութագիրը ներկայացուց հայրենասէր այն սերունդին, որ արցախեան զարթօնքի առաջին օրերէն սկսեալ զէն ի ձեռին պայքարեցաւ հայրենիքին եւ ազգին համար, իւրաքանչիւր մարտի` սեփական կեանքը մահուան վտանգին ենթարկելու անսակարկ պատրաստակամութեամբ: Ան նշեց, որ ազատամարտիկներու եւ հայոց բանակի առաջին զինուորներու այդ հերոսական սերունդը այսօր ունի իր արժանի ժառանգորդները, որոնց ներկայացուցիչները ոչ պակաս հերոսականութեամբ իրենք զիրենք դրսեւորեցին նախորդ տարուան ապրիլի ճակատագրական օրերուն` արեամբ գրուած փառքի նոր էջեր աւելցնելով արցախեան գոյամարտի տարեգրութեան մէջ:

Միքայէլ Հաջեան յորդորեց Մեսրոպեանի աշակերտները, որ անպայման հետեւին բարձրագոյն կրթութեան, դառնան առաջնակարգ մասնագէտներ եւ որպէս այդպիսիք մասնակցին հայոց պետականութեան կերտումին ու զարգացումին: Ան նաեւ թելադրեց, որ աշակերտները նամակագրական կապ հաստատեն Հայաստանի եւ Արցախի իրենց հասակակիցներուն եւ զինուորներուն հետ` դիտել տալով, որ նման յարաբերութիւններ շատ կարեւոր էր ամրապնդելու կապը հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ` ի խնդիր հայ ժողովուրդի բոլոր երազանքներու իրականացման:

Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրէկուար Գալուստ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց Միքայէլ Հաջեանին` այցելութեան եւ աշակերտութեան ուղղուած իր պատգամներուն համար: Այցելութիւնը նաեւ առիթ եղաւ, որ վարժարանի տնօրէնն ու արցախցի հիւրը քննարկեն կրթութեան մարզին վերաբերող համագործակցութեան գաղափարներ:

Նախորդը

Մեսրոպեանի Աշակերտներ Աւարտեցին Robotics-ի Դասընթացքը

Յաջորդը

Արուեստագէտներու Պատարագ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.