Հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին եւ կազմակերպութեամբ «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին, երէկ` կիրակի, 16 հոկտեմբեր 2011-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ՀԿՄ «Արարատեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հայրենի երգչուհի Մարինէ Գրիգորեանի համերգը:
Հանդիսութեան բացման խօսքը «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնին անունով արտասանեց Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան, որ ըսաւ, թէ Գրիգորեան Լենինականի դժուար պայմանները յաղթահարելով ոտքի կանգնած է եւ մասնագիտացած:
Կարապետ քհնյ. Թադէոսեան նշեց, որ «Ս. Գրիգոր Նարեկացի» կեդրոնը միշտ ալ քաջալեր հանդիսացած է երիտասարդներուն եւ արուեստի զարգացման: Ան յոյս յայտնեց, որ Մարինէ Գրիգորեան երգարուեստին մէջ յառաջդիմէ եւ արձանագրէ նոր ձեռքբերումներ:
Ապա ելոյթ ունեցաւ Մարինէ Գրիգորեան, որուն դաշնակի վրայ ընկերակցեցաւ Թամար Գասապեան: Առաջին բաժինով Գրիգորեան երգեց Կաչինիի «Աւէ Մարիա»ն, Փուչինիի «Արի տի Մուզեթթա»ն, Սթրատելլայի «Փիեթթա Սինիոր»ը, Օպրատոսի «Էլ Վիթօ»ն եւ այլ ստեղծագործութիւններ:
Իսկ երկրորդ մասով ան մեներգեց Այվազեանի «Քարաւան»ը, Կանաչեանի «Օրօր»ը, Մաւիսագալեանի «Կապոյտ Մանուշակ»ը, Երանեանի «Կիլիկիա»ն եւ Կոմիտասէն տասը ստեղծագործութիւններ, ինչպէս` «Ալաքեազ»ը, «Խնկի ծառ»ը, «Կռունկ»ը:
Մարինէ Գրիգորեանի իւրայատուկ եւ բարձրորակ համերգաշարին վերջին երգն էր «Կիլիկիա»ն, որուն երգեցողութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին ներկաները: Ելոյթին ընթացքին Գրիգորեան արժանացաւ ներկաներու գնահատանքին եւ ծափահարութիւններուն:
Համերգը փակուեցաւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին պահպանիչով:


