Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՄԱՆ 20-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ԱՍՄՈՒՆՔԻ ԵՐԵԿՈՅ` ԿԱՏԱՐՈՂՈՒԹԵԱՄԲ ԱՆԻ ՍԱՐԱՖԵԱՆ-ԵՓՐԵՄԵԱՆԻ

October 17, 2011
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի, երէկ` կիրակի, 16 հոկտեմբերի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ ասմունքի երեկոյ` նուիրուած Հայաստանի անկախութեան վերականգնումի 20-ամեակին, կատարողութեամբ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանի:

Մօտաւորապէս մէկ ժամ տեւողութեամբ Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան շատ գեղեցիկ, տպաւորիչ եւ բացառիկ կատարողութեամբ մեկնաբանեց Սիլվա Կապուտիկեանի, Արամայիս Սահակեանի եւ Շահանդուխտի գործերէն համադրուած բանաստեղծութիւններու փունջ մը: Գեղարուեստական բաժինով իր մասնակցութիւնը բերաւ Խաժակ Խաչատրեան, որ ջութակի վրայ մեկնաբանեց երաժշտական կտորներ:

Աւարտին Անի Սարաֆեան-Եփրեմեան երախտագիտական եւ շնորհակալական խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին երեկոյի յաջողութեան:

Դեսպան Աշոտ Քոչարեան խօսք առնելով հաստատեց, որ այս երեկոն փաստ մըն է, որ Հայաստան – սփիւռք կապը հետզհետէ աւելի կ՛ամրանայ, ինչ որ կը նպաստէ, որ միասին յաղթահարենք բոլոր մարտահրաւէրները եւ հաւաքական ուժով դիմագրաւենք դժուարութիւնները: Ան շնորհաւորեց Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանը նման հիասքանչ երեկոյին ու արհեստավարժ փայլուն կատարումներուն համար եւ անոր նուիրեց Կոստան Զարեանի բանաստեղծութիւններու ժողովածուն:

Ձեռնարկի եզրափակիչ խօսքը ուղղեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, որ հաստատեց, թէ Հայաստանի անկախութեան վերականգնման 20-ամեակի նշումին իրաւունքը միայն ասմունքի երեկոյով կարելի է տալ, որովհետեւ բանաստեղծութեան մէջ ուժգնութիւն կայ: «Բանաստեղծութեան արժէքը գիտնալը մշակում կ՛ուզէ… բանաստեղծութիւնը շատ քիչ բառերու մէջ հսկայ պատգամ կու տայ», շեշտեց առաջնորդ սրբազանը` աւելցնելով, որ բանաստեղծը պատգամախօս մարգարէ մըն է: Ան կոչ ուղղեց նման առիթներ առաւելագոյն չափով եւ ըստ արժանւոյն գնահատելու:

Իր խօսքի աւարտին սրբազանը մեծապէս գնահատեց Անի Սարաֆեան-Եփրեմեանի տաղանդը` մաղթելով, որ ան յարատեւէ եւ յաճախ նման ելոյթներով ներկայանայ հանրութեան: Երեկոն փակուեցաւ սրբազան հօր պահպանիչով:

 

Նախորդը

ՀԿՄ «ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ՄԱՐԻՆԷ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՀԱՅ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ԲԱՐՁՐՈՐԱԿ ՄԵՆԱՀԱՄԵՐԳ

Յաջորդը

ՀԱՃՆՈՅ ՀԵՐՈՍԱՄԱՐՏԻ 91-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ` ՆՈՐ ՀԱՃՆՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.