Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԽՕՍՔԸ. «ԵՍ ՁԵԶ ԸՆՏՐԵՑԻ, ՈՐ ՊՏՂԱԲԵՐ ԸԼԼԱՔ»…

October 17, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Սիրելի՛ ընթերցող, քանի մը ժամ առաջ աւարտեցաւ երկօրեայ «Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութեան 200-ամեակին նուիրուած միջազգային գիտաժողով»ը, զոր կազմակերպեցին Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկն ու  Վիեննայի Մխիթարեան միաբանութիւնը (Երեւան, 10-11 հոկտեմբեր 2011):

Անկեղծ ու յստակ հարցադրումին կը փորձեմ անկեղծ ու յստակ պատասխանը տալ. «Վիեննական Մխիթարեանները, որոնց Վիեննայի մէջ հաստատման 200-ամեայ յոբելեանը տօնուեցաւ, ի՞նչ նպաստ բերին հայագիտութեան…»:

Հարցումն ուղղուեցաւ տրուպիս, քանի Վիեննայի մէջ «Վիեննական Մխիթարեաններուն նպաստը հայագիտութեան» եւ Երեւան, «Հայկաբանութեան հանճարեղ տիտանը` հ. Յակովբոս վրդ. Տաշեան (1866-1933)» նիւթերուն մասին բանախօսեցի:

Անշուշտ, պատասխանովս կրնամ հայթայթել շատ հակիրճ գիտելիքներ եւ ընդհանուր տուեալներ լոկ` մնալու համար այս սիւնակին սահմաններուն մէջ: Ուստի, կու տամ միայն ռահվիրայական քանի մը անուններ ու արարքներ:

Վիեննա, 1840-ին` երիտասարդ վարդապետներ, առաջնորդութեամբ հ. Յովսէփ Գաթըրճեանի, կատարեցին գիւտը ոսկեդարեան գրաբարին` զայն զատելով հետագայ գրաբարախառն «հայերէն»ներէն եւ որոշելով մեսրոպատառ ոսկեղնիկով ստեղծուած մատենագրութիւնը:

Իրենց գիւտով ոչ միայն յստակացուցին քերականութիւնը, բառամթերքն ու շարահիւսութիւնը` Ե. դարուն առաջին կէսին կիրարկուած մեծասքանչին, այլ նաեւ սկսան մաքրազտել անոր գրականութիւնը ժամանակի ընթացքին դիպած լեզուական աւաղումներէն, քերականական սխալներէն, շարադրական արտառոցութիւններէն ու բնագրային ընդմիջարկութիւններէն:

Հ. Յովսէփ վրդ. Գաթըրճեան (1820-1882)  ընկերաբանը, խոր աստուածաբան, մեծագոյն հայկաբան ու եկեղեցապատմագէտ, դարձաւ հիմնադիրը հայ քննական պատմագրութեան, որ հայ աղբիւրներուն համընթաց` գիտցաւ օգտագործել նաեւ օտար աղբիւրներ, ինչպէս` յոյն եւ լատին պատմագիրներ:

Հ. Պօղոս վրդ. Յովնանեան (1802-1884) առաջիններէն էր, որ զբաղեցաւ համեմատական լեզուաբանութեամբ: Իբրեւ առաջնութիւն` անոր դաստակէն ելաւ տիեզերական ժողովներուն պատմութիւնը:

Հ. Ղեւոնդ վրդ. Յովնանեան (1817-1897) առաջին մասնագէտն է ռամկական հայերէնի քննարկումին ու պատմագրութեան:

Հ. Փիլիպպոս վրդ. Չամչեան (1819-1853), որ ռահվիրայական գործ կատարեց իր վեցլեզուեան խօսակցական դասագիրքով, առաջին տեսաբանն եղաւ հայ մամուլին:

Հ. Կղեմէս վրդ. Սիպիլեան (1824-1878) դարձաւ հիմնադիրը հայ դրամագիտութեան:

Հ. Սերովբէ վրդ. Տերվիշեան (1846-1891) այն հմուտ լեզուագէտն էր, որ հայութեան մէջ հիմնադիրը հանդիսացաւ համեմատական լեզուաբանութեան:

Հ. Արսէն արք. Այտընեան աբբահայրը (1823-1902) տեսաբանը եւ քերականն է թէ՛ գրաւոր եւ թէ՛ բերանացի աշխարհաբարին:

«Վիեննական Մխիթարեան դպրոց»ի երկրորդ սերունդը կը սկսի հ. Գրիգորիս վրդ. Գալեմքեարեան (1862-1917), առաջին պատմաբանը հայ լրագրութեան, որ ցայսօր կը մնայ անգերազանցելին իր ստեղծած չափանիշով` հինգ տարբեր մատենաշարներուն:

Երկրորդը` հ. Գաբրիէլ վրդ. Մէնէվիշեան (1864-1936) հայաշխարհին մէջ առաջին հեղինակն է կենդանաբանութեան, բուսաբանութեան ու հանքաբանութեան մասին իր լոյս ընծայած երեք գիրքերով:

Երրորդն է հ. Յակովբոս վրդ. Տաշեան (1866-1933), հայ ձեռագրագիտութեան հիմնադիրը, որուն ստեղծած նկարագրաձեւը իբրեւ «Տաշեանական ոճ» տակաւին կը կիրարկուի հայկաբանութեան մէջ:

«Վիեննական Մխիթարեան դպրոց»ի հայագիտական երկնակամարին աստղերու միջազգային համբաւը յաւերժացնողն եղաւ հ. Ներսէս վրդ. Ակինեան (1883-1963) իր 65 երկերով եւ 700-է աւելի յօդուածներով:

Հ. Ակինեանի աշակերտներէն ծանօթագոյններէն են հ. Սահակ եպս. Կոգեան (1895-1963) քաջահմուտ եկեղեցապատմագէտը, հ. Համազասպ վրդ. Ոսկեան (1895-1968), բոլոր հայկական վանքերու ցայսօր չգերազանցուած պատմագիրը, եւ հ. Վահան վրդ. Ինգլիզեան (1897-1968), ծանօթ գերմանագիր հեղինակը` եկեղեցապատմական ու աստուածաբանական նիւթերու:

Հ. Ոսկեան, մեր ժողովուրդին փառապանծ անցեալով զիս արբշիռ դարձնող դասատուս հայոց պատմութեան, իր վարդապետցու աշակերտները կը յորդորէր ըլլալու արժանաւոր հոգեհարազատ որդիները մեր երանաշնորհ հիմնադիրին` Սեբաստացի Մխիթար աբբահօր (1676-1749) եւ հետեւելու վերոյիշեալ Մխիթարեան մեծերուն:

Հ. Ինգլիզեան, սրբակեաց վանականը, Վիեննայի մէջ ժառանգաւորներուս խոստովանահայրը տարիներով, միշտ կը քաջալերէր մեզ` ըլլալու ժիր ծառաներ Աստուծոյ եւ ազգին` մեզի շարունակ յիշեցնելով Յիսուսի այս խօսքը. «Ես ձեզ ընտրեցի եւ սահմանեցի, որ երթաք ու պտղաբեր ըլլաք, եւ ձեր պտուղը տեւական ըլլայ» (Յվհ. 15,16):

ՄԵՍՐՈՊ ՀԱՅՈՒՆԻ

Երեւան, 11 հոկտեմբեր  2011

Նախորդը

ՍԱՐՔՈԶԻՆ ԱՐՏԱՍԱՆԵՑ «ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆ»Ը. ԲԱՌ ՄԸ, ԶՈՐ ՏԱԿԱՒԻՆ ՉՀՆՉԵՑ ՕՊԱՄԱՆ

Յաջորդը

ՀԿՄ «ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ» ՍՐԱՀԻՆ ՄԷՋ ՄԱՐԻՆԷ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆԻ ՀԱՅ ԵՒ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԴԱՍԱԿԱՆ ԵՐԳԵՐՈՒ ԲԱՐՁՐՈՐԱԿ ՄԵՆԱՀԱՄԵՐԳ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.