Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆանի, Մանի» Կատակերգութիւն Բեմադրութեամբ Յարութ Գնդունիի

April 5, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուրբաթ, 31 մարտ 2017-ի երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ «Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը ներկայացուց «Ֆանի, Մանի» թատերախաղը, որ կատակերգութիւն մըն է, եւ որուն հեղինակն է անգլիացի դերասան եւ թատերագիր Ռէյ Գունի: Հայերէնով բեմադրութիւնը կը պատկանէր Յարութ Գնդունիի, որ նաեւ հանդէս եղաւ Հենրիի դերով: Միւս դերակատարներն են` Այտա Մահսէրէճեան-Սրապոնեան (Ճէյն), Կարօ Բանօղլեան (Պիլ), Քրիսթինա Սրապոնեան (Տիանա), Բալիկ Սրապոնեան (Պեթի), Վիգէն Քէօշկէրեան (Վիք), Հայզաւակ Լէփէճեան (Սլէյթըր), Մանուէլ Թոքմաճեան (անցորդ):

«Մհեր Մկրտչեան» թատերախումբը հիմնուած է 2013-ի մայիսին, Պէյրութի մէջ, բեմադրիչ եւ դերասան Յարութ Գնդունիի գլխաւորութեամբ: Թատերախումբին նպատակն է ստեղծել լիարժէք եւ արդիական ներկայացումներ, կապ հաստատել սփիւռքահայ, հայրենի եւ արաբական եւ օտար թատերախումբերու, ինչպէս նաեւ թատրոնի գործիչներու հետ:

Թատրոնի նիւթին կիզակէտը միջին տարիքի հաշուապահ Հենրի Փըրքինսն է, որ իր ծննդեան օրը  գնացքին մէջ, առանց նկատելու, կը վերցնէ սխալ պայուսակ, որուն մէջ կը գտնէ 735.000 եւրօ: Ան կը հանդիպի սրճարան մը եւ արտաքնոց մտնելով` կը հաշուէ դրամները: Ապա հասնելով տուն` հեռաձայնով դէպի Պարսելոնա օդանաւի տոմսեր կ՛ապահովէ փախչելու համար երկրէն: Անոր կինը` Ճէյն կ՛ընդդիմանայ: Վրայ կը հասնին անոնց բարեկամները` Վիքը եւ Պեթին, որոնք կ՛իմանան եղելութիւնը: Վարորդը` Պիլ, կու գայ Հենրին եւ Ճէյնը օդակայան տանելու, սակայն տեսնելով, որ տակաւին պատրաստ չեն, ինքնաշարժին մէջ կը սպասէ զիրենք: Դուռը կը զարնէ ոստիկան Տիանան, որ նկատելով Հենրիի տարօրինակ եւ իրար անցած վիճակը սրճարանին մէջ` կը հետեւի անոր, որպէսզի գիտնայ պատահածը: Ապա դուռը կը զարնէ այլ ոստիկան մը` Սլէյթըր, որ կու գայ լուր տալու, որ Հենրի Փըրքինսը սպաննուած ու գետը նետուած է եւ կը հետեւցնէ, որ Հենրի Փըրքինսին դիակն է ան, քանի որ պայուսակին մէջ գտնուած թուղթերը այդ ցոյց կու տան: Սլէյթըր կը խնդրէ Ճէյնէն, որ երթայ եւ ամուսնոյն դիակը ըլլալը հաստատէ: Թատերախաղի աւարտին Հենրի Փըրքինս ստիպուած կը խոստովանի եղելութիւնը ոստիկան Սլէյթըրին: Ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ Հենրիին` իր լաւ քաղաքացիի կեցուածքին համար եւ պայուսակը կ՛առնէ ու դուրս կու գայ տունէն, որպէսզի երթայ եւ ոստիկանութեան յանձնէ զայն: Երբ Հենրի կ՛ափսոսար, որ կորսնցուց այդ մեծ գումարը, վարորդ Պիլ ներս կը մտնէ եւ կը յայտնէ, որ ինք վաղուց գումարը արդէն փոխադրած էր ճամպրուկին մէջ:

Յայտնենք, որ թատերախաղը նաեւ ներկայացուեցաւ շաբաթ 1 եւ կիրակի 2 ապրիլին եւ պիտի շարունակէ ներկայացուիլ կիրակի 8 եւ երկուշաբթի 9 ապրիլին:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (5 Ապրիլ 1967)

Յաջորդը

Եռանկիւն #Փախլաւա#

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.