
Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր երէկ Պուսթրոս պալատին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ Սուրիան յուզող հարցերը:
Հանդիպելէ ետք արտաքին գործոց նախարարին` Սուրիոյ դեսպանը ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն զօր. Աշրաֆ Ռիֆիէն պահանջեց փաստեր ներկայացնել իր կատարած այն ամբաստանութեան համար, թէ Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպանատունը առեւանգած է Շըպլի Այսամի անունով քաղաքացին:
Դեսպան Ալի շեշտեց, որ լիբանանեան-սուրիական ապահովական կողմերուն միջեւ գործակցութիւնը կարեւոր է, յատկապէս նկատի ունենալով այն իրականութիւնը, որ դէպի Սուրիա զէնքի մաքսանենգումը կը շարունակուի:
Սուրիոյ դեսպանը նաեւ շեշտեց, որ անհրաժեշտ է յարգել երկու երկիրներուն միջեւ ապահովական մարզին վերաբերող համաձայնագիրներուն գործադրութիւնը:
ՆՇԵՆՔ, որ լիբանանեան եւ սուրիական բանակներու զինուորական միացեալ խորհուրդը երէկ Տապպուսիէի մէջ ունեցաւ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկեց սահմանամերձ շրջանի կացութիւնը, զայն հակակշռելու քայլերը, ինչպէս նաեւ գետնի վրայ կատարուելիք դասաւորումները` արգիլել կարենալու համար փոխադարձ մաքսանենգումը:


