Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

March 23, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Անկախ պետականութեան, արդար ու բարեկեցիկ հասարակութեան կերտման ի խնդիր, Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը ունի հարուստ կենսափորձ: Նորանկախ Հայաստանի քաղաքական կեանքի տարբեր հանգրուաններուն, իշխանութեան թէ ընդդիմութեան դիրքերէն, Դաշնակցութիւնը իր ամբողջական մասնակցութիւնը բերած է հայրենիքի հզօրացման եւ պետական համակարգի ժողովրդավարականացման երթին:

Դաշնակցութեան քաղաքական հետեւողական ու անդուլ պայքարով Հայաստան օժտուած է նոր սահմանադրութեամբ եւ խորհրդարանական նոր համակարգով, որուն ամրագրումը պիտի կատարեն յառաջիկայ 2 ապրիլին ընտրական նոր օրէնքով տեղի ունենալիք Ազգային ժողովի ընտրութիւնները:

Հայաստան ի վերջոյ պիտի թօթափէ նախագահական կեդրոնացեալ դրութիւնը եւ պիտի որդեգրէ կառավարման նոր համակարգ, յուսատու նոր սկիզբ մը նշելով մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար: Նորընտիր Ազգային ժողովը ձեւ ու մարմին պիտի տայ արդար հայրենիք մը ունենալու քաղաքական մեր տեսլականին:

Այսօր, հայրենի իշխանութեան մաս կազմելով, Դաշնակցութիւնը գործնապէս արդէն ձեռնարկած է հայ կեանքի զանազան մարզերուն մէջ այդ տեսլականին իրականացման քայլերուն: Այդ քայլերը սակայն կը կարօտին յաւելեալ խորացման, ամրապնդման ու զարգացման, որուն համար անհրաժեշտ է մեր ժողովուրդին ամբողջական նեցուկը` ՀՅԴ-ի նախընտրական ծրագիրով առաջադրուած որակական փոփոխութիւնները իրենց լրումին հասցնելու համար:

Կը հաւատանք, որ որքան ուժեղ ըլլայ Դաշնակցութիւնը, այնքան աւելի կայուն, արդար եւ խաղաղ կ՛ըլլայ Հայաստանը:

Արդ, մեր ժողովուրդը հրաւիրուած է 2 ապրիլին Դաշնակցութեան տալու իր վստահութեան քուէն` երաշխաւորելու համար երկրին մէջ թափ առած լայնածաւալ փոփոխութիւններու ընթացքը եւ մասնակից դառնալու համար երկրի յառաջընթացի համազգային ճիգին:

Մեր ժողովուրդին եւ հայրենիքին համար նշանակալից այս հանգրուանին, կ՛ողջունենք այս ընտրութիւններուն յաջողութեան համար Դաշնակցութեան Հայաստանի կազմակերպութեան ի գործ դրած բոլորանուէր ճիգերը եւ կը վերահաստատենք ժողովրդավարական կարելի բոլոր միջոցներով պատասխանատու պետութիւն եւ համերաշխ հասարակութիւն ունենալու մեր անզիջելի կամքն ու վճռակամութիւնը:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

 

Նախորդը

Արմէն Ռուստամեան. «Իշխանութեան Լաւագոյն Ձեւը Ժողովուրդին Արտօնելն Է, Որ Ինք Կատարէ Ատիկա»

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ – Քլիփըրզ` 109-133

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.