Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ շարունակեց հետեւիլ ընտրական նոր օրէնքին վերաբերեալ քաղաքական ուժերուն միջեւ ընթացող խորհրդակցութիւններու մանրամասնութիւններուն:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ ընտրական նոր օրէնքը պէտք է հիմնուած ըլլայ ժողովրդային ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն եւ քաղաքացիներուն ու համայնքներուն միջեւ հաւասարութիւն ապահովելու յատկանիշներուն վրայ:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն նախագահական պալատին մէջ ընդունեց փտածութեան դէմ պայքարի պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնին, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան գործունէութիւնը` պետական հաստատութիւններուն մէջ փտածութիւնը հետապնդելու իմաստով:
Հանդիպումին ընթացքին Թուէյնի նախագահ Աունին ներկայացուց նախարարութեան պատրաստած ծրագիրը` լիբանանեան պետութեան կայացուցած նուազուրդները միացեալ մեքանիզմով գործադրելու իմաստով:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ նախկին նախարար Ժան Օպէյտ, որ Հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկրին մէջ տեղի ունենալիք սահմանադրական յառաջիկայ հոլովոյթներուն վերաբերող հարցերը:
Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Անտոնեան հայրերու միաբանութեան պատկանող Անտոնեան հայրերու արուեստից հիմնարկի տնօրէն հայր Շարպել Ապու Ապպուտը, որ նախագահ Աունին նուիրեց յոյն կաթողիկէ համայնքի Կրեկորիոս Գ. Լահհամ պատրիարքին հովանաւորութեամբ տեղի ունեցած Դ. խորհրդաժողովին մանրամասնութիւնները խտացնող գիրք մը:
Նախագահ Աուն բարձր գնահատեց Անտոնեան հայրերու արուեստից հիմնարկին աշխատանքները եւ դրուատեց Լիբանանը երգող անոնց արուեստն ու մշակոյթը:
Նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Ժունիէի միջազգային փառատօնի նախագահ Զէյնա Աֆրամը եւ փառատօնին պատասխանտու պատուիրակութիւն մը:
Հանդիպումին ընթացքին Աֆրամ նախագահ Աունին ներկայացուց «Ժունիէի միջազգային փառատօն-2017»-ի ծրագիրը:
Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ուալիտ Խուրի եւ նախկին երեսփոխան Քամիլ Խուրի:



