Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Խորքին Մէջ Պատահածը Ընտրական Օրէնքն Ու Երեսփոխանական Ընտրութիւնները Չեղեալ Նկատելու Արշաւ Մըն Է»

March 20, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց, որ խորքին մէջ պատահածը ընտրական օրէնքն ու երեսփոխանական ընտրութիւնները չեղեալ նկատելու արշաւ մըն է:

Ան նշեց, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ դրած են ընտրական նոր օրէնք մը մշակելու նպատակով եւ յանկարծ այդ հարցը ուղղուած է դէպի աշխատավարձի յաւելումներու վաւերացում:

«Հակառակ անոր որ այդ յաւելումները ժողովուրդին, տնօրէններուն, ուսուցիչներուն եւ բոլորին իրաւունքն է, որ աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր պէտք էր մաս կազմէր պետական ամավարկին, սակայն դրամատնային եւ ծովային կալուածներու հաստատութիւններուն մաֆիաները աշխատեցան բոլոր ուղղութիւններով, եւ 2014-ի նման ամէն ջանք ի գործ դրին այդ յաւելումները չֆինանսաւորելու:

Ճիշդ է, որ խորհրդարանին պարտականութիւնն է ժողովուրդին իրաւունքներուն վաւերացումը, սակայն կառավարութիւնը իր կարգին պէտք է ներդրումներ ապահովէ` պետական ամավարկին ընդմէջէն, եւ ոչ թէ իր սուրը պարտադրէ յաւելումներուն եւ սիրտը դողայ մաֆիաներէն:

Հետեւաբար լիբանանցի քաղաքացիներուն եւ քաղաքական բոլոր ուժերուն կ՛ըսեմ, թէ կացութիւնը իր բնականոն իրավիճակին վերադարձնելու համար այսուհետեւ աշխատանքը պիտի ընթանայ հետեւեալ կերպով.

1.- Ընտրական օրէնքի մշակում,

2.- Հետաքննութեան խորհրդարանական յանձնախումբի կազմութիւն` բացայայտելու փտածութիւնն ու փտածները եւ զանոնք դատավարութեան ենթարկելու,

3.- Աշխատավարձի յաւելումի վաւերացում,

4.- Պետական ամավարկի վաւերացում:

Այս է խորհրդարանին պաշտօնական կեցուածքը եւ այս ուղղութեամբ պիտի աշխատի խորհրդարանը, որովհետեւ նախորդ օրերուն պատահածը քաղաքական խաղ մըն է, որուն նպատակը ընտրական օրէնքի մշակումին ճիգերուն կասեցումն է», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

Նախորդը

Սէյիտ Նասրալլա. «Աշխատավարձի Յաւելումները Կարելի Է Ֆինանսաւորել Առանց Մէկ Լիբանանեան Ոսկիի Տուրք Պարտադրելու Համեստ Դասակարգին Վրայ»

Յաջորդը

Տուրքերու Յաւելումին Դէմ Ժողովրդային Բողոքի Բազմամարդ Եւ Խաղաղ Ցոյց` Ռիատ Սոլհ Հրապարակին Վրայ

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.