Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնին Հաղորդագրութիւնը

March 17, 2017
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը պարզաբանեց, որ նախորդ քանի մը օրերուն լիբանանեան մամուլին մէջ շրջան ընող լուրերը չեն համապատասխաներ իրականութեան:

Ֆետերասիոնը նշեց, որ բոլոր ակումբները կը նկատուին իրարու համահաւասար, եւ անոնցմէ մէկնումէկը աւելիով չէ սիրուած իր կողմէ, որովհետեւ ինք կ՛աշխատի ի սպաս լիբանանեան պասքեթպոլի յառաջխաղացքին, իսկ խումբերուն յաջողութիւնը իր գլխաւոր նպատակներէն մէկն է, եթէ ոչ` միակը:

Նշուեցաւ, որ համաձայնութիւն գոյացած է «Նիուլուք սփորթզ»-ի հետ` մրցումները ուղղակիօրէն պատկերասփռելու գծով (տղոց Ա. դասակարգ):

Ռիատի Պէյրութ, ֆետերասիոնը 7 փետրուար 2017-ին յատուկ նամակով մը տեղեկացուց, որ պիտի մասնակցի Արեւմտեան Ասիոյ պասքեթպոլի ախոյեանութեան:

Ախոյեանութեան ծիրին մէջ, Ռիատի – Մութթահետ մրցումին թուականը հրապարակուեցաւ 21 փետրուար 2017-ին, դարձի բոլոր մրցումներուն յայտագիրին զուգահեռ:

Դարձի այս մրցումներուն հրապարակումէն ետք, ֆետերասիոնը գումարեց երկու տարբեր ժողովներ եւ ոչ մէկ ակումբ կամ ոեւէ մէկ անդամ խօսեցաւ Ռիատի – Մութթահետ մրցումը յետաձգելու մասին:

Ռիատի – Մութթահետ մրցումին կայացումէն քանի մը օր առաջ, առաջարկուեցաւ զայն յետաձգել:

Դարձի մրցումներուն հրապարակումէն ետք քանի մը ակումբներ ֆետերասիոնին դիմեցին` խնդրելով, որ մրցումները չյետաձգուին, մանաւանդ եթէ նկատի ունենան այն կէտը, որ ախոյեանութիւնը արդէն իսկ ընդմիջուած էր, Տուպայի մրցաշարքին առիթով:

Ֆետերասիոնը ըսաւ, թէ Սաժես, որ կը մասնակցի Արեւմտեան Ասիոյ ակումբներու պասքեթպոլի ախոյեանութեան, Լիբանան իր ժամանումէն (ուրբաթ) երկու օր ետք մրցում մը ունի կատարելիք Թատամոնին դէմ:

Ֆետերասիոնին անդամ Թամմամ Ժարուտիի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները, որ ֆետերասիոնը չուզեց յետաձգել Ռիատի – Մութթահետ, երբե՛ք իրականութեան չեն համապատասխաներ, եւ այդ մէկը կը նկատուի պասքեթպոլի մարզաձեւը հարուածելու դիտումնաւոր քայլ մը:

Իբրեւ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին փոխնախագահ, Թամմամ Ժարուտի իրաւունք չունի հրապարակաւ իրականութեան հետ կապ չունեցող յայտարարութիւններ ընելու, այպանելու եւ մեղադրելու այն ֆետերասիոնը, որուն անձամբ անդամ է:

Անոր կը մնայ ըլլալ իր պաշտօնին գիտակից անձը եւ չստեղծել այնպիսի հարցեր, որոնք պարզապէս կը հրահրեն մթնոլորտը, եւ կը ստեղծեն անհամ վիճակ մը` իրականութենէն ամբողջութեամբ զուրկ:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Անթիլիաս Փայլուն Յաղթանակով Մը Աւարտեց Դարձի Մրցումները

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն.  Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ
Մարզական

Դ. Դասակարգի Ախոյեանութիւն. Այսօր` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Նասր Քամետ Լոզ

September 15, 2026
Հեծելարշաւ.  «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ
Մարզական

Հեծելարշաւ. «Թուր Օֆ Արմինիա»-ն Վերջ Գտաւ Յաջողութեամբ

September 15, 2026
«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց
Մարզական

«Էմ. Էլ. Էս.». Մեսսի 928-րդ Կոլը Նշանակեց. Սարաճեան Իր Առաջին Կոլը Նշանակեց

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.