Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համազգայինի «Քնար» Պարախումբի Վարչութեան Տիկնանց Օժանդակ Յանձնախումբ. Ճաշկերոյթ` Ի Նպաստ «Քնար» Պարախումբին

March 15, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան տիկնանց օժանդակ յանձնախումբին կազմակերպութեամբ երէկ` երեքշաբթի, 14 մարտ 2017-ին, «Հոլիտէյ պիչ»-ի «Լա Քանոյէ» ճաշարանին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-ձեռնարկ մը` ի նպաստ «Քնար» պարախումբի ծրագիրներու եւ գործունէութիւններու յաջողութեան: Ձեռնարկին ներկայ էին մեծ թիւով հայ մշակոյթի եւ ազգային արժէքներու պահպանումը բարձր գնահատող հայուհիներ եւ հիւրեր:

Ձեռնարկը սկսաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութեամբ, որմէ ետք բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ տիկնանց օժանդակ յանձնախումբի ատենապետ Մարօ Սալխանեան: Ան իր խօսքին սկիզբը շեշտեց նիւթական եւ բարոյական աջակցութեան կարեւորութիւնը Համազգայինի կառոյցին եւ գործունէութիւններուն մէջ, որպէսզի ան շարունակէ իր առաքելութիւնը եւ մնայ պատնէշին վրայ` ծառայելով հայ ժողովուրդի ազգային եւ մշակութային արժէքներու պահպանման: Ան հաստատեց, որ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի գոյատեւման եւ բարգաւաճման  զօրակցելու համար նորաստեղծ տիկնանց օժանդակ յանձնախումբը ամէն ճիգ ի գործ դրած է յաջողցնելու ճաշկերոյթը: Իր խօսքի աւարտին Սալխանեան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան` «Քնար» պարախումբին եւ անոր վարչութեան` մաղթելով բարի վերելք:

Անգլերէնով ներկաներուն բարի գալուստ մաղթեց Իզապէլ Տէքրմէնճեան: Ան ներկաներուն ուշադրութեան յանձնեց իբրեւ մշակութային միութիւն Համազգայինի դերը` պահելու հայ մշակոյթը եւ զայն սերունդէ-սերունդ փոխանցելու: Ան ակնարկելով օրուան տնտեսական դժուար պայաններուն նշեց, որ նիւթական համեստ ճիգ մը միայն արդէն բաւարար է եւ մեծապէս օգտակար կը հանդիսանայ «Քնար»-ի ծրագիրներու յաջողութեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր ներկաներուն, որոնք իրենց ներկայութեամբ յանձն առին նեցուկ կանգնիլ Համազգայինի «Քնար» պարախումբի գոյատեւման:

Օրուան հանդիսավարն էր Սօսի Մանուէլեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս ծնունդ առած է Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան տիկնանց օժանդակ յանձնախումբը, որ շատ կարճ ժամանակի մէջ ժրաջան աշխատանքով յաջողած է կազմակերպել նման գեղեցիկ ու ճոխ ձեռնարկ մը` յանուն «Քնար» պարախումբի վերելքին ու ծրագիրներու յաջողութեան: Ան շնորհակալական խօսք ուղղեց տիկնանց յանձնախումբի բոլոր անդամներուն, որոնք սիրայօժար ու մեծ պատրաստակամութիւն ցուցաբերելով ոգի ի բռին աշխատած են ճաշկերոյթը յաջողութեամբ պսակելու:

Համազգայինի «Քնար» պարախումբի վարչութեան անունով խօսք արտասանեց Դալար Սալխանեան: Ան իր խօսքին սկիզբը ըսաւ, թէ «Քնար» պարախումբը Լիբանանի հայ գաղութին մէջ արդէն իր արժանավայել տեղն ու դերը շատոնց հաստատած է եւ անխափան կը շարունակէ իր ընթացքը: Ան դիտել տուաւ, թէ ինչպէ՛ս սփիւռքի գաղութներուն մէջ ներկայ օրերուն դժուար դարձած է հայ մշակոյթին շուրջ համախմբել նորահաս սերունդները, երբ արհեստագիտական նորութիւնները հեռու կը պահեն հայ երիտասարդը իր մշակոյթի հարազատ ակունքներէն,  բայց Համազգայինը տասնամեակներ շարունակ կը թիավարէ հոսանքն ի վեր` ի խնդիր նորահաս սերունդներու հայեցի կրթութեան եւ մշակոյթի դարբնումին:

Ան հաստատեց, որ Համազգայինը իր առաքելութեան մէջ յաջողած է ու կը յաջողի`  շնորհիւ իր երթին հաւատացող բարեկամներու, բարերարներու եւ մշակութասէր հանրութեան:

Դալար Սալխանեան ընդգծեց, որ այս ձեռնարկը կը միտի զօրակցիլ «Քնար» պարախումբի գործունէութեան, իսկ խօսքի աւարտին ըսաւ, որ «Քնար» պարախումբը իր բարձրորակ կատարումներով պիտի շարունակէ պատիւ բերել լիբանանահայութեան` բարձր պահելով հայ մշակոյթը եւ ազգային արժէքները:

Ձեռնարկի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ Համազգայինի տհոլահարներու խումբը, որ մեծապէս խանդավառեց մթնոլորտը, իսկ  «Քնար» պարախումբէն խումբ մը աղջիկներ ներկայացուցին պարային գեղեցիկ կտորներ: Տեղի ունեցաւ վիճակահանութիւն, նուիրատուութիւններ, նուէրներու բաշխում: Աւարտին կարելի է հաստատել, որ Ճաշկերոյթի ձեռնարկը ընթացաւ հաճելի մթնոլորտի մէջ, ուր կը տիրէր հարազատութիւն եւ ազգային բարի նպատակի մը յաջողութեան մասնակցելու հոգեկան գոհունակութիւն:

Նախորդը

Մոսկուայի Մէջ. Նախագահ Սարգսեան Առաջարկած Է Գիւմրիի Մէջ Հայ-Ռուսական Ռազմարդիւնաբերական Համալիր Ստեղծել

Յաջորդը

«Չեմփիընզ Լիկ». Լայսթըր Սիթի Եւ Եուվենթուս Ապահովեցին Քառորդ Աւարտականի Իրենց Տոմսերը

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.