Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ Ներկայացուց Ընտրական Օրէնքի Նոր Տարբերակ Մը

March 14, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ներկայացուց ընտրական օրէնքի նոր տարբերակ մը:

Պասիլ նշեց, որ հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն եւ կառավարութեան կազմութենէն ետք ամէնէն կարեւորը կը մնան երեսփոխանական ընտրութիւնները` աւելցնելով, որ բարեկարգումը անկարելի է, որ կատարուի առանց ընտրական օրէնքի մը գոյութեան:

Պասիլ յայտնեց, որ ընտրական նոր օրէնքը պիտի նպաստէ նաեւ քաղաքական կայունութեան հաստատումին:

Պասիլ նշեց, որ քաղաքական բոլոր ուժերը կը մերժեն խորհրդարանին մէջ թափուր դրութեան ստեղծումը, ինչպէս նաեւ կը մերժեն խորհրդարանի պաշտօնավարութեան յետաձգումը: «Հիմնուելով այս կեցուածքներուն վրայ, մշակեցինք ընտրական օրէնք մը, որ հիմնուած է երեսփոխաններուն թիւը հաւասարապէս բաժնելու սկզբունքին վրայ: Բոլորին ներկայացուցած առաջարկներուն եւ կարծիքներուն վրայ հիմնուելով` կ՛առաջարկենք երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարել 64 աթոռներու համար մեծամասնական եւ 64 աթոռներու համար համամասնական դրութեամբ: Մեծամասնական դրութեան պարագային, ընտրութիւնները կը կատարուին 14 ընտրաշրջաններու մէջ (ընտրաշրջաններուն թիւը վերջնական եւ պարտադիր չէ), եւ իւրաքանչիւր համայնք կ՛ընտրէ իր թեկնածուն, իսկ համամասնականին պարագային ընտրութիւնները կը կատարուին պատմականօրէն ճանչցուած 5 նահանգներուն մէջ», ըսաւ Պասիլ:

Ան նշեց, որ իրենց առաջարկը ուղեգիծ մըն է, որ կը յանգի Ծերակոյտի մը կազմութեան` Ուղղափառ օրէնքին հիման վրայ, պայմանաւ որ Ծերակոյտին նախագահը ըլլայ քրիստոնեայ, սակայն ոչ մարոնի` յարգելու համար հաւասարութիւնը, ինչպէս նաեւ ամբողջական համամասնական դրութեան հիման վրայ կատարելու երեսփոխանական ընտրութիւնները:

Ան կոչ ուղղեց վաւերացնելու բարեկարգումները, որոնք կը վերաբերին արտերկրի լիբանանցիներուն կողմէ ընտրութիւններուն մասնակցութեան` աւելցնելով, որ եթէ այդ բոլորը մերժուին, ապա տակաւին կայ խառն ընտրական օրէնքը: «Եթէ կ՛ուզենք ընտրական օրէնք մը որդեգրել, ապա պէտք է արագ շարժինք, որովհետեւ բաւարար ժամանակ չկայ», ըսաւ Պասիլ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Ծերակոյտի նախագահը պէտք է տիւրզի համայնքի ներկայացուցիչ ըլլայ, Պասիլ ըսաւ. «Կը մերժենք, որ քրիստոնեայ հանրապետութեան նախագահին սահմանափակ իրաւասութիւններուն զուգահեռ ըլլան իշխանութեան երեք իսլամ պետեր: «Պէտք է հաւասարութիւն հաստատել, իսկ տիւրզի համայնքը պետական հաստատութիւններու վարչութիւններուն պարագային ունի իրաւունքներ, որոնք պէտք է վերստանձնէ», շեշտեց Պասիլ:

 

 

Նախորդը

Ժեմայէլ Կը Մերժէ Լիբանանցիներուն Յաւելեալ Տուրքեր Պարտադրել

Յաջորդը

Հայաստանի Եւ Լիբանանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Ուղերձներ Փոխանակեցին

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.