Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դասախօսական Երեկոյ Եւ Երաժշտական Ունկնդրութիւն. Պօղոս Ճելալեանը Եւ Իր Նպաստը Լիբանանեան Երաժշտութեան Մէջ

March 10, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հովանաւորութեամբ մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրիի, կազմակերպութեամբ Լիբանանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան, համագործակցաբար ՀԲԸՄ-ի եւ Ֆրանսախօսութեան ամսուան  գործունէութեանց ծիրին մէջ, չորեքշաբթի, 8 մարտ 2017-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Պօղոս Ճելալեանը եւ իր նպաստը լիբանանեան երաժշտութեան մէջ» դասախօսութիւնն ու երաժշտութեան ունկնդրութիւնը:

Դասախօսութիւնը ներկայացուց եւ մեկնաբանեց լիբանանահայ բարձրասրնգահար (oboe) Էթիեն Քիւփելեան` մասնակցութեամբ հանրածանօթ լիբանանցի երաժիշտ Ղատի Ռահպանիի:

Անոնք ներկայացուցին վաստակաւոր հայազգի երաժիշտ Պօղոս Ճելալեանի կեանքէն դրուագներ, անոր գործունէութիւնը Լիբանանի եւ միջազգային երաժշտական աշխարհին մէջ: Քիւփելեան ներկայացուց, թէ ինչպէ՛ս Ճելալեան իբրեւ դաշնակահար պատրաստած է սերունդներ, որոնք ներկայիս դարձած են հանրածանօթ երաժիշտներ, Լիբանանի մէջ թէ այլուր:

Անդրադառնալով Ճելալեանի երաժշտական ստեղծագործութեանց, զոյգ դասախօսները մատնանշեցին, թէ անոր գործերը ներկայացուած են զանազան օտար սիմֆոնիք նուագախումբերու կողմէ, եւ իր վաստակը բարձր կը գնահատուի համաշխարհային երաժշտական կեանքին մէջ: Ղատի Ռահպանի հայոց լեզուով ըսաւ հետեւեալ տողերը. «Ինչպէս Խաչատուրեանը, Բաբաջանեանը, Սպենդիարեանը եւ Յարութիւնեանը Հայաստանի անունը բարձրացուցին միջազգային մակարդակներու, նոյնպէս Պօղոս Ճելալեանը մեր «գլուխը բարձրացուց` հասցնելով լիբանանեան երաժշտութիւնը իր գագաթնակէտին»:

Անոնք խօսելով Պօղոս Ճելալեան մարդուն մասին ըսին, թէ ան մնաց խոնարհ, ազնիւ ու իրապաշտ` քաջ գիտակցելով սակայն իր երաժիշտի արժէքը:

Ձեռնարկի ընթացքին հանդիսատեսը ունկնդրեց Պօղոս Ճելալեանի  ստեղծագործութիւնները: Իւրաքանչիւր երաժշտական կտորէ ետք Քիւփելեան կատարեց իր մեկնաբանութիւնը:

Ձեռնարկի աւարտին Լիբանանի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Աշոտ Վարդանեան յուշանուէր յանձնեց Էթիեն Քիւփելեանին, ինչպէս նաեւ Ղատի Ռահպանիին: Անոնց յուշանուէրներ յանձնուեցան նաեւ ՀԲԸՄ-ի կողմէ` Սիլվա Լիպարիտեանի ձեռամբ:

 

 

Նախորդը

«Էն.Տի.Եու.» Համալսարանի Կազմակերպած Դաշնակի Մրցանքին. «Բարսեղ Կանաչեան» Երաժշտական Քոլեճի Աշակերտներէն Կարօ Գրիգորեան Արձանագրեց Փայլուն Արդիւնք Մը

Յաջորդը

«Մարտկոց», «Ազատամարտ» Եւ «Կամք» Թերթերու Թուայնացումը Շուտով Կը Սկսի «Ազդակ»-ի Յարկին Տակ

RelatedPosts

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին
Գաղութային

ԼՕԽ-ի «Առողջ Ապրելակերպ» Սեմինարներու Շարքին Առաջինը` Կուրծքի Քաղցկեղի Կանխարգիլման Մասին

October 28, 2026
ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու
Գաղութային

ՀՅԴ-ԶՈՄ-ի Կազմակերպած Հայկական Վարժարաններու Համալսարանական Եւ Մասնագիտական Արեւելում` Մասնակցութեամբ Աւելի Քան 80 Կամաւորներու Եւ Շուրջ 400 Աշակերտներու

October 27, 2026
Ընթացք Առաւ Համազգայինի «Օշական» Գիրքի Ակումբի Գործունէութիւնը
Գաղութային

Համազգայինի «Օշական» Ակումբի Երկրորդ Հանդիպումը Քննարկեց Յակոբ Պարոնեանի «Քաղաքավարութեան Վնասները» Հատորը

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.