Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երկիր»-ի հարցազրոյցը ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած վարկանշային թեկնածուներ Արթուր Ղազարեանի եւ Պարոյր Սանթրոսեանի հետ

March 8, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արթուր Ղազարեան. «Հասարակութեան Ստուար Հատուած Մը Կը Կիսէ Մեր Գաղափարները»

Պարոյր Սանթրոսեան. «Իսկ Ո՞Վ Ըսաւ, Որ Քաղաքականութեամբ Կարելի Չէ Ազնուօրէն Զբաղիլ»

Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի նախընտրական շրջանին «Երկիր» անջատ հարցազրոյցներ ունեցած է Արաբկիր, Աջափնեակ, Դաւթաշէն վարչական շրջանները ընդգրկող թիւ 2 ընտրատարածքին մէջ ՀՅԴ-ի կողմէ առաջադրուած վարկանշային թեկնածու Արթուր Ղազարեանի եւ նոյն շրջանի ՀՅԴ վարկանշային  ցուցակով առաջադրուած Պարոյր Սանթրոսեանի հետ:

Արթուր Ղազարեան ըսած է, թէ վերջին տարիներու փորձը ցոյց կու տայ, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը իր գործունէութիւնը ուժեղացնելու սկզբնաւորման վիճակի մէջ է, շատ աւելի բարւօք վիճակի մէջ է` հասարակութեան մէկ ստուար հատուած կը կիսէ մեր գաղափարները, ընկալումները, մօտեցումները, ծրագրային դրոյթները, մեր տեսակը: Սակայն երբ ընտրութիւնները կը մօտենան, կը տեսնենք ինչ որ հանելուկային բան մը` կը փոխուի  հասարակութեան պահանջը, եւ ի վերջոյ այլ բան դուրս կու գայ: Ասիկա երկու գործօններու ցուցանիշ է` առաջին` ընտրակաշառքի օգտագործման յստակ մեքանիզմ, երկրորդ` վախի մթնոլորտի գոյութիւն: Մենք այստեղ ընելիք ունինք, որ այս երկու գործօնները մեր հասարակութեան կեանքէն վերացնենք, որպէսզի մենք քիչ թէ շատ ունենանք ընտրութիւններու իսկական, առարկայական պատկեր, որ եթէ  հասարակութիւնը նոյնիսկ բանական ընտրութիւն չկատարէ, ապա խիղճով, իր ներքին թելադրանքով ընտրութիւն կատարէ: Պէտք է փորձենք հասնիլ անոր: Ատիկա շատ դժուար է, բայց անլուծելի ալ չէ:

Իր կարգին, Պարոյր Սանթրոսեան ըսած է, թէ այսօր քաղաքականութիւնը ոչ արհեստավարժ մակարդակի հասած է, որովհետեւ տարրական քաղաքագիտական գիտելիքներ չունին այն մարդիկ, որոնք քաղաքականութեամբ կը զբաղին: Այսօր այնքան դիւրին է կուսակցութիւն բանալ եւ առանց գաղափարախօսութեան կուսակցական ըլլալ: Առհասարակ` ձեռքի հետ ինչ որ գործով զբաղիլը սխալ է, կա՛մ պէտք է ընես լաւ, կա՛մ ընդհանրապէս չընես: Պատրա՞ստ եմ արդեօք: Այս պահուն չեմ կրնար պատասխանել, քանի որ աշխատանքը, որ կը կատարեմ, ինծի սիրելի եւ հաճելի է` աշխատիլ նոր սերունդին հետ: Բայց, ամէն պարագայի, ըլլալով կուսակցական մարդ, պէտք է ենթարկուիմ կուսակցական որոշումներուն: Բացի ատկէ, չենք գիտեր  ինչու, մարդիկ յօրինած են այն, թէ քաղաքականութեամբ կը զբաղին անբարոյականները: Երջանկայիշատակ Վահան Յովհաննիսեան իր յօդուածներէն մէկուն մէջ ըսած էր` այդպէս չէ, ուղղակի անբարոյական մարդիկ կը զբաղին քաղաքականութեամբ: Իսկ ո՞վ ըսաւ, որ քաղաքականութեամբ կարելի չէ ազնուօրէն զբաղիլ: Ես 7 տարի աշխատած եմ Ազգային ժողովին մէջ եւ այդ մարզին ծանօթ եմ, եւ կը կարծեմ` այնպէս չէ, որ քաղաքական թատրոնը միայն ողբերգութիւններ պէտք է «բեմադրէ», ի վերջոյ, կարելի է նաեւ ազնիւ խաղալ: Ցաւօք, մեր երկրին մէջ քաղաքականութիւնը, քաղաքագիտութիւնն ու դիւանագիտութիւնը սկսած են իրարմէ չտարբերիլ: Շատ կ՛ուզէի` դիւանագիտական ասպարէզին մէջ ունենայինք լաւ քաղաքական թատրոն, իսկ ներքին դաշտին մէջ` ազնիւ դիւանագիտութիւն:

 

 

Նախորդը

Մամետեարով Յայտնած Է Մօտիկ Ապագային Հայաստանի, Ազրպէյճանի Եւ Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարներու Եռակողմանի Հանդիպումին Մասին

Յաջորդը

Դաւիթ Տօնոյեան Ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Նախագահի Անձնական Ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը

RelatedPosts

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր  Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ  Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»
Գլխաւոր լուրեր

Լեռնիկ Յովհաննիսեան. «Գանձասարի Արժէքաւոր Գիրքերը 44-Օրեայ Պատերազմի Ժամանակ Տեղափոխուած Էին Երեւանի Մատենադարան»

September 15, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք,  Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր  Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»
Գլխաւոր լուրեր

Արամ Ա. Կաթողիկոս. «Կը Յուսանք, Որ «Իրական» Հայաստանէն Մասեր Շուշիի Ճակատագիրին Չենթարկուին»

September 15, 2026
Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն  Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական  Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»
Հայկական

Կրոնօ. «Ղարաբաղի` Նախապէս Հակամարտութենէն Տուժած Շրջաններուն Մէջ Հայկական Հարուստ Հետքը Չեմ Վիճարկեր»

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.