Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարչապետարանին Մէջ. Սպանիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը Զօրակցութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանին

March 3, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Սպանիոյ պաշտպանութեան նախարար Տոլորես Քոսպիտալը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Վարչապետ Հարիրի շնորհակալութիւն յայտնեց Սպանիոյ` լիբանանեան բանակին տրամադրած անոր զինուորական օժանդակութիւններուն համար, ինչպէս նաեւ հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմելու եւ աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր հարաւային Լիբանանի խաղաղութիւնը պաշտպանելու սպանացի զինուորներուն առաքելութեան համար:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան նաեւ երկկողմանի զինուորական յարաբերութիւններն ու գործակցութիւնը ամրապնդելու հեռանկարները:

Հանդիպումէն ետք Քոսպիտալ շեշտեց, որ Սպանիա յանձնառու կը մնայ Լիբանանի ապահովական կայունութեան, ինչպէս նաեւ նախանձախնդրութեամբ կը շարունակէ Լիբանանի նկատմամբ իր զօրակցութիւնը, յատկապէս պաղեստինցի գաղթականներուն հարցով:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի նախագահեց աղբի տագնապի լուծման նախարարական յանձնախումբի նիստին, որուն ներկայ գտնուեցան փոխվարչապետ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի, ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, պետական նախարար Միշել Ֆարաոն, ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս, ճարտարարուեստի նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան, ուժանիւթի եւ ջուրի հարցերու նախարար Սեզար Ապի Խալիլ, կենսոլորտի նախարար Թարեք Խաթիպ, վարչական բարեկարգումի պետական նախարար Ինայա Իզէտտին, ինչպէս նաեւ Բարգաւաճման եւ վերակառուցման խորհուրդի նախագահ Նեպիլ Ժսըր:

Նիստին ընթացքին քննարկուեցան աղբի տագնապի լուծման հեռանկարները:

Նիստէն ետք Մաշնուք յայտնեց, որ աղբի տագնապի լուծման առնչութեամբ նախարարութիւններուն կողմէ ներկայացուած բարեփոխման առաջարկները մեծաւ մասամբ վաւերացուած են:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Կապալառուներուն Հետ Քննարկեց Այդ Մարզը Յուզող Հարցերը

Յաջորդը

Գերմանիա Կ՛ուզէ Հիւրընկալել Եուրօ-2024-ը

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.