Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պետական Պիւտճէի Թղթածրարի «Դասաւորման» Առընթեր. Ընտրական Օրէնքի Վճռումի Հարցը` Առանցքային Նիւթ

March 2, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այն միջոցին, երբ պետական պիւտճէի օրակարգը գտաւ իր «բնականոն հունը» եւ ըստ նախարարներու խոստումին` կրնայ ամբողջանալ այս շաբաթավերջին, անդին սահմանադրական նոյնքան կարեւոր մէկ այլ ժամկէտ` խորհրդարանի պաշտօնավարութեան մօտալուտ աւարտը, երէկ շարունակեց առանցքը կազմել պատասխանատուներու յայտարարութեանց:

Արդարեւ, յառաջիկայ յունիսին իր պաշտօնավարութիւնը աւարտող խորհրդարանին առչնութեամբ երկար ատենէ ի վեր պահանջուող ընտրական նոր օրէնքի մշակումը եւ այս գծով արծարծուող այլազան տարբերակները «հովանաւորուեցան» զանոնք որդեգրել ուզող քաղաքական ներկայացուցիչներու կողմէ:

Այս ծիրին մէջ նախագահ Միշել Աուն վերահաստատեց բոլոր կողմերը գոհացնող ընտրական յարմարագոյն օրէնքի նախագիծի մը յանգելու վերաբերեալ ճիգերու շարունակումը:

Վարչապետ Հարիրի խիստ կարեւորութեամբ շեշտեց ընտրական նոր օրէնքի մը մշակումը, այլապէս, ըստ անոր, «այս կառավարութիւնը ձախողած կը նկատուի»:

Հարիրի, որ երէկ երեկոյեան Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթը ընդունած ատեն արտայայտուեցաւ այս մասին, նշեց, որ ընտրական օրէնքին գծով խօսակցութիւնները կ՛ընթանան խիստ դրական մթնոլորտի մէջ:

Իր կարգին, Ուալիտ Ժոմպլաթ յայտնեց, որ կողմերը կ՛երթան դէպի խառն օրէնքի նախագիծի որդեգրում: Ան անհրաժեշտ նկատեց ընտրական օրէնքի հարցը վճռել անյապաղ:

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պահանջեց վճռել եւ ընտրական նոր օրէնք մը մշակել նախքան յառաջիկայ ապրիլ ամիսը` միաժամանակ շեշտելով երեք «ոչ»-երը` դատարկութեան, երկարաձգման եւ 1960-ի օրէնքին վերադառնալու հաւանականութեան առնչութեամբ:

Պըրրի նաեւ 9 մարտին ժողովի հրաւիրեց խորհրդարանի դիւանը` նախապատրաստական անհրաժեշտ քայլերու դասաւորման համար:

Իսկ նախարար Նուհատ Մաշնուք հիմնովին հերքեց, թէ վարչապետ Հարիրի համաձայնած է համամասնական ընտրանքին իր հաւանութիւնը տալու, պայմանով որ փոխարէնը ինք շարունակէ մնալ վարչապետի իր պաշտօնին վրայ:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատ վերահաստատեց բոլոր կողմերուն համար ընդունելի ընտրական օրէնքի մը մշակման անհրաժեշտութիւնը:

Նախորդը

Նախագահ Աուն. «Բարեկարգումի Երթը Սկսած Է Եւ Կանգ Պիտի Չառնէ»

Յաջորդը

Վարուժան Սուքիասեան` Ալաշկերտի Փոխնախագահ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.