Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ

October 14, 2011
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ

ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՅԸ

(Ս. ՄԵՍՐՈՊԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 1600-ԱՄԵԱԿԸ)

Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի ծննդեան 1600-ամեակն է այս տարի: Հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի, հայութիւնը կը պատրաստուի երկիւղած յարգանքով նշելու այս մեծ դէպքը, որ անկիւնադարձ մը կը կազմէ հայոց պատմութեան մէջ:

Հայութիւնը իր յարգանքի տուրքը պիտի մատուցանէ իր Մեծ Վարդապետին, ոչ թէ անպայման արժեւորելու համար սրբացած դէմք մը (Ս. Մեսրոպ այնքան բիւրեղացած է իբրեւ դէմք, որ որեւէ արժեւորում աւելորդ է), այլ` պանծացնելու Ս. Մեսրոպով սկսած եւ իրմով յատկանշուող մեր անմահ մշակոյթը:

Մաշտոց այդ անմահութեան յաւիտենական դրօշակիրն է` իբրեւ ոգի եւ ներշնչում: Իր գործին անմահութեամբ անմահութեան տիրացած տիտանեան դէմք մը, պատմութեան Մեծ Տեսանողներէն մէկը, որ գիտցաւ հազարամեակներու սեւեռումը ունենալ եւ իշխել իբրեւ միահեծան, այլ խոնարհ արքայ` մեր մշակոյթի անդաստանին:

Առանց Մեսրոպի` շատոնց դադրած պիտի ըլլայինք իբրեւ ազգ գոյութիւն ունենալէ, այն պայմաններուն պատճառով, որոնք կը տիրէին մեր երկրին մէջ ու շուրջը, թշնամի ցեղերու անդադրում հալածանքին ենթակայ: Մեսրոպ հայութեան տուաւ դիմադրութեան այն ներքին ուժը, որուն դիմեց հայութիւնը, ամէն անգամ որ Հայաստանի երկինքը մթագնեցաւ եւ իր մահուան վճիռը ստորագրող բռնատէրեր գտնուեցան:

1600 տարիէ ի վեր հայութիւնը հագած է Մեսրոպի զրահը, որ անխորտակելի է, որուն դէմ կու գան փշրուիլ բոլոր տեսակի սուրերը, ո՛վ որ ալ ճօճէ զանոնք: Լենկթիմուրներ, ճենկիզ խաներ, շահ աբասներ, սուլթան համիտներ, թալէաթներ, ստալիններ կ՛անցնին եւ դեռ ուրիշներ պիտի անցնին` մահ սփռելով Հայաստան աշխարհի մէջ, քար ու քանդ ընելով մեր վանքերն ու դպրութեան տուները, կոտորելով հայութիւնը, բայց մեր հոգեկան բերդերը կը մնան կանգուն, որովհետեւ անոնց բերդակալը Հացիկի այն սուրբն է, որ խորհրդաւոր գիշեր մը, հրաշալի տեսիլքով մը անմահութեան հուրը խլեց երկինքէն:

Հայութիւնը կը սկսի իրմով: Առաջին հայն է ան, դրօշակիրը` լուսատենչ ժողովուրդի մը, որ կը քալէ անմահութեան պողոտաներուն վրայ, բարձրագլուխ եւ անյողդողդ, որովհետեւ իր հոգեկան սնունդը կը ստանայ մեսրոպեան անսպառ աւիշէն:

Մեր ժամանակներուն, երբ յայտնատեսական հեռանկարներ մղձաւանջի մը պէս կը տանջեն մարդոց միտքը, մեծ թէ փոքր ժողովուրդները նիւթական մաշումի առօրեայ հեւքին մէջ, յաւիտենութեան կը նային իրենց հոգեկան արժէքներով:

Երբ տիեզերական պայթումի մը սարսափը կ՛ապրի այսօր մարդկութիւնը, ոչ միայն փոխուած է արժէքներու չափանիշը, այլ նաեւ` բնոյթը: Հետզհետէ աւելի դիմում կ՛ըլլայ հոգեկան արժէքներու եւ բարոյական հեղինակութեանց, որոնք աւելի կշիռ ունին ժողովուրդներու կեանքին մէջ:

Հայութիւնը, իբրեւ մարդկային կարաւանին փոքր մէկ անդամը, իր հոգեկան արժէքներուն ինքնագիտակցութեամբը, եթէ առաջապահ ազգերու շարքին է այսօր, ասիկա կը պարտի Մաշտոցին եւ անոր թեւ ու թիկունք կանգնող այն միւս Մեծ Հայուն` Սահակին, որ կրցաւ պետական շահագրգռութիւն ստեղծել տալ հանդէպ Մեսրոպի եւ անոր անմիջական աշակերտներու` թարգմանիչներու գործին:

Մեսրոպին տեսիլքը լոյսի մը պէս սփռուեցաւ հայոց աշխարհին վրայ ու լոյսով ողողեց հայուն հոգին, պատկեր տուաւ անոր լեզուին` պատմական անկորնչելիութեան կրանիթին վրայ արձանագրելով անոր անունը:

Այսօր նոյն լոյսն է, որ կը ճառագայթէ հայկական կեանքէն ներս` հակառակ մեր պառակտումներուն, որոնք ժամանակին հետ կու գան եւ անոր հետ կ՛անցնին:

Հայութիւնը, իր բոլոր հատուածներով, նոյն աղբիւրէն կը խմէ եւ հոգեկան նոյն ակէն կը սնանի:

Մեսրոպեան հրաշքին առջեւ հայութիւնը միակամ է եւ մէկ սիրտ:

Նախորդը

ԼՈԹՕ ԹԻՒ 926 13/10/2011-Ի ԱՐԴԻՒՆՔՆԵՐԸ

Յաջորդը

ՀԱՄԱՑԱՆՑ ԵՒ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔ. ԱՆԻԿԱ ԳԻՏԷ

RelatedPosts

aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
aztag-f
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։