Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արմէն Ռուստամեան. «ՀՅԴ-ն Ունի Յստակ Ընտրազանգուած, Որուն Առջեւ Պատասխանատու Է»

February 28, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շատեր կը պատրաստուին ընտրակաշառք բաժնել, բայց կ՛ուզեն ճշդել, թէ կրնա՞ն այդ մրցակցութեան մէջ մտնել, թէ՞ ոչ: Այս մասին երէկ խորհրդարանին մէջ ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան` արձագանգելով այն հարցումին, թէ տեղեա՞կ է արդեօք, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը ընտրութիւններէն առաջ մինչեւ 100  տոլարի հասնող ընտրակաշառք կը բաժնէ:

«Ընտրութիւններէն ամիս մը առաջ յստակ թիւերու մասին խօսիլը  անիմաստ է, որովհետեւ ընտրակաշառքը կը բաժնեն ընտրութեան օրը: Առայժմ ո՛չ մէկուն 100 տոլար կաշառք տուած են: Կ՛ուզեն ուսումնասիրել հաւանական տարբերակները, իրենց մէջ ճշդել գիները: Այս ալ նորութիւն չէ, բայց այս անգամ, բնականաբար, աւելի շատ պիտի օգտագործուի կաշառքը, որովհետեւ ընտրակեղծիքները տեղամասերուն մէջ գրեթէ անկարելի են: Հիմա կը մնայ դուրսը ընտրակեղծիքներ կատարեն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ՀՅԴ-ն միշտ բացառութիւն եղած է:

«Եթէ ընտրակաշառք բաժնած ըլլայինք, արդէն իշխանութիւն ձեւաւորած կ՛ըլլայինք: ՀՅԴ-ն ունի յստակ ընտրազանգուած, որուն առջեւ պատասխանատու է: Կարելի չէ, որ ով որ ունի կայուն ընտրազանգուած, սկսի ընտրակաշառք, բաժնել: Հապա այդ մարդիկը, որ միշտ մեզի ձայն տուած են առանց ընտրակաշառքի, մեզմէ պիտի չնեղանա՞ն, պիտի չհիասթափուի՞ն», ըսաւ ան:

Ռուստամեան նաեւ խորհուրդ տուաւ լուրջ չընդունիլ Սէյրան Օհանեանի եւ Սամուէլ Բաբայեանի յայտարարութիւնը այն մասին, որ քաղաքական ուժերը ընտրութիւններէն առաջ արդէն ձայներու տոկոս պայմանաւորուած են: «Ընտրութիւններ են, շատ լուրջ մի՛ ընդունիք, որովհետեւ նոյն բաները կ՛ըսեն: Ասոնք ընտրական հոլովոյթներ են, ուր սուտն ու կեղծիքը կը հասնին նոյն մակարդակին: Այդ յայտարարութիւններուն կարեւորութիւն մի՛ տաք», եզրափակեց ան:

 

Նախորդը

Շրջանային Իրադարձութեանց Զուգահեռ. Լիբանան Կը Մնայ Արտաքին Կողմերու Ուշադրութեանց Կիզակէտը

Յաջորդը

Վարչապետ Կարէն Կարապետեանի Կոչը` Սփիւռքահայութեան. «Վստա՛հ Եղէք, Հայերուն Համար Ամէնէն Լաւ Երկիրը Հայաստանը Պիտի Ըլլայ»

RelatedPosts

Ակնարկ.  Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Ուրուագիծեր Դէպի Նոր Շրջափուլ

February 3, 2026
Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.