Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Եւ Ռուսական Պատուիրակութիւններ Պաշտպանութեան Նախարար Եագուպ Սարրաֆի Մօտ

February 28, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ երէկ ընդունեց ամերիկեան եւ ռուսական անջատ պատուիրակութիւններ:

Նախ եւ առաջ Սարրաֆ ընդունեց ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար, զօր. Ճոզըֆ Ֆոթելը, դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտի, դեսպանատան կցորդին եւ պատուիրակութեան մը ընկերակցութեամբ: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին շրջանային ու տեղական նորագոյն իրադարձութիւններն ու լիբանանեան բանակի ներկայ իրավիճակը:

Այս առիթով ամերիկեան պատուիրակութիւնը նախարար Սարրաֆէն տեղեկացաւ լիբանանեան բանակի զինական կազմածներու որակին ու քանակին մասին` վերահաստատելով իր երկրի զօրակցութիւնը: Նախարար Սարրաֆ իր կարգին գնահատեց ամերիկեան կառավարութեան դերը Լիբանանի զօրակցութեան, յատկապէս` բանակի զինման գծով:

Նաեւ` Ռուսական Պատուիրակութեան Հետ

Պաշտպանութեան նախարար Եագուպ Սարրաֆ երէկ նաեւ ընդունեց ռուսական զինուորական թեքնիք գործակցութեան բաժանմունքի փոխտնօրէն Ալեքսի Ֆրոլքընը` ընկերակցութեամբ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքինի, դեսպանատան զինուորական կցորդին  եւ պատուիրակութեան մը: Խորհրդակցութիւնները Միջին Արեւելքի կացութեան կողքին ընդգրկեցին նաեւ լիբանանեան հրապարակի իրադարձութիւնները: Այս առիթով նախարար Սարրաֆ դրուատեց Ռուսիոյ դերը եւ պատրաստակամութիւնը` լիբանանեան բանակին օժանդակութեան գծով:

Նախորդը

Զգուշաւոր Հանդարտութիւն` Այն Հելուէ Գաղթակայանին Մէջ

Յաջորդը

Պետութեան Պիւտճէի Քննարկման Յատկացուած Երէկուան Նիստը Չգումարուեցաւ

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.