Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մոսկուա Դամասկոսի Հետ Կը Քննարկէ Սուրիոյ Մէջ Ապահով Գօտիներու Ստեղծման Հարցը» Կ՛ըսէ Պոկտանով

February 28, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայիլ Պոկտանով երէկ յայտնեց, որ Մոսկուա Սուրիոյ տագնապին հարցով, ներառեալ Սուրիոյ մէջ ապահով գօտիներու ստեղծման հարցը, մնայուն կապի մէջ է:

«Մենք առօրեայ կապի մէջ ենք Դամասկոսի հետ, եւ հաղորդակցութիւնները փոխադարձ վստահութեան վրայ ու ոչ հրապարակային են, ուստի այդ հարցերը հաստատ կը քննարկուին», ըսաւ ան:

Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարարը յայտնեց, որ իր երկիրը կը յուսայ, որ սուրիական ընդդիմութիւնը Ժընեւի մէջ միջսուրիական բանակցութիւններուն մասնակցութեան միացեալ պատուիրակութիւն մը կազմէ, եւ նշեց, որ իր երկիրը կը զօրակցի նշեալ բանակցութիւններուն քիւրտերու մասնակցութեան:

«Մենք կոչ կ՛ուղղենք նաեւ այլ ներկայացուցիչներու մասնակցութեան: Մինչեւ հիմա քիւրտերու ներկայացուցչութեան շուրջ սուր հարց գոյութիւն ունի, եւ մենք կոչ կ՛ուղղենք քիւրտերուն ներկայացուցիչները մասնակից դարձնելու», ըսաւ Պոկտանով:

«Ռուսիոյ Իշխանութիւններուն Հետ Սուրիոյ Մէջ Ապահով Գօտիներու
Ստեղծման Շուրջ Փոխադարձ Հասկացողութիւն Գոյացած Է»

Թուրքիոյ նախագահի խորհրդատու Ռիհա Տիմիթեշ յայտնեց, որ թրքական իշխանութիւնները միշտ ալ պնդած են, որ լաւագոյն լուծումը սուրիացի տեղահանուածներուն իրենց հողերուն մէջ մնալն է, եւ Թուրքիա 2013-էն ի վեր առաջարկած է ապահով գօտիներ ստեղծել: «Եւ եւրոպացիներուն ըսինք, որ լուծումը այդ շրջանի ստեղծման համար Թուրքիոյ օժանդակելն է», ըսաւ ան:

«Էրտողան Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին քննարկեց տեղահանուածներու հարցը լուծելու եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարելու համար ապահով գօտիներ ստեղծելու հարցը: Փոխադարձ հասկացողութիւն գոյացաւ ռուսերուն հետ, որոնք խոստացան երաշխաւորել այդ ապահով գօտին եւ անոր վնաս չհասցնել, այսինքն` ռուս-ամերիկեան օդուժ ըլլայ այդ շրջանին անվտանգութիւնը ապահովելու համար, իսկ թուրք զինուորները կը տեղակայուին զայն գետնի վրայ պաշտպանելու համար: Սակայն միակ վտանգը ՏԱՀԵՇ-ի գոյութիւնն ու անոր դէմ պայքարելու ձեւն է», նշեց Էրտողանի խորհրդատուն:

Խօսելով վերջերս ընթացող թուրք-իրանեան բանավէճին մասին` ան ըսաւ. «Իրանի հետ վերջին մագլցումը արձանագրուեցաւ Էրտողանի` Ծոցի երկիրներ այցելութենէն ետք, որուն ընթացքին բազմաթիւ գանգատներ լսեց Պահրէյնի, Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եմէնի մէջ Իրանի միջամտութիւններուն վերաբերեալ, եւ թէ շրջանին մէջ խնդիրներ կը ստեղծէ»` շեշտելով. «Սէուտական Արաբիան եւ Պահրէյնը Իրանի ազդեցութենէն կը գանգատին, եւ բոլորս ալ գիտենք Սուրիոյ մէջ Իրանի ըրածին ու Հըզպալլայի Լիբանանէն Սուրիա գալուն, Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ շատերու սպանութեան մասին, սակայն նկատի ունենալով, որ շրջանային ուժ մըն է, պէտք է անոր հետ խօսիլ»:

 

Նախորդը

Իրան Կը Փորձարկէ Հեռահար Հրթիռ Մը

Յաջորդը

Զգուշաւոր Հանդարտութիւն` Այն Հելուէ Գաղթակայանին Մէջ

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.