Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սուրէն Խանամիրեան Ազգային Քոլեճը` Հաւատարիմ Կրթօճախ Ազգային Տօներուն Եւ Աւանդութեանց

February 28, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայ եկեղեցւոյ տօներն ու աւանդութիւնները հաւատարմօրէն կրող ու  պահպանող Սուրէն Խանամիրեան Ազգային քոլեճի աշակերտութիւնն ու ուսուցչական կազմը երկուշաբթի, 13 փետրուար 2017-ին համախմբուեցան դպրոցին շրջափակը` նշելու Տեառնընդառաջը եւ վառելու աւանդական խարոյկը: Միքայէլ քհնյ. Տեմիրճեան աղօթքով սկսաւ արարողութիւնը,  ապա աշակերտութեան մաղթեց փայլուն, օրհնաբեր կրթութիւն եւ պայծառ ապագայ: Ան կոչ ուղղեց` հաւատարմութեամբ պահպանել ազգային եկեղեցական տօներն ու աւանդութիւնները: Վառող խարոյկին շուրջ աշակերտները  շրջանակ կազմած դարձան` հայրենասիրական երգեր երգելով, ծափելով ու մէկ առ մէկ կրակին վրայէն ցատկելով:

Չորեքշաբթի, 22 փետրուար 2017-ին աշակերտութիւնը ուղղուեցաւ բակ, ուր կոկիկ յայտագիրով մը տեղի ունեցաւ Վարդանանք հերոսամարտի ոգեկոչումը: Դ. Ե. եւ Զ. կարգի աշակերտները ներկայացուցին թատրոն մը, ուր մարմնաւորեցին հայու կամքի զօրութիւնը, հաւատքի ուժի, եղիշէ Պատմիչի լուսամտութիւնը եւ Ղեւոնդեանց նահատակներու վսեմ կեցուածքը: Վարժարանիս մանկապարտէզի աշակերտները երգելով «Մենք քաջ Վարդանի թոռներն ենք» եւ արտասանելով «Հայ ենք մենք» վստահեցուցին, որ իրենք Վարդանի ուխտին ժառանգորդներն են: Ապա Է. Կարգի աշակերտները ասմունքեցին Ժագ Ս. Յակոբեանի «Վարդանական» բանաստեղծութիւնը: Յետոյ Ա. Բ. եւ Գ. կարգի աշակերտները երգեցին Վարդանաշունչ երգեր եւ խանդավառեցին մթնոլորտը: Ի վերջոյ  Ը. կարգի աշակերտները կենդանի պատկերով մը ներկայացուցին Վարդանի պատմութիւնը եւ օրուան յայտագիրը փակեցին «Հիմի էլ լռենք» երգով:

Վարժարանի տնօրէն Նելլի Վէքիլեան գնահատեց աշակերտներու վճռակամութիւնը` մնալու Վարդանի ժառանգորդ եւ քաջալերեց զանոնք, որ միշտ մնան հպարտ եւ քալեն Վարդանի սուրբ ուղիէն, որ միակ երթն է, որ կ՛ապահովէ հայ ժողովուրդի գոյատեւումը:

Վարդանանց խորհուրդով աշակերտները դուրս եկան դպրոցէն, որ կէսօրէ ետք նոյն սրահին մէջ հաւաքուին, բայց այս անգամ` Բարեկենդանի աւանդական խրախճանքը տօնելու: Լուռ սրահը հետզհետէ պայծառացաւ ու լեցուեցաւ աշակերտներուն անսահման հրճուանքով ու ծիծաղով: Խանդավառութիւնը անսահման էր:

Բարեկենդանի հանդիսութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ տնօրէն Նելլի Վէքիլեան, որ շնորհաւորեց բոլորը` Բարեկենդանի տօնին առթիւ ու յայտնեց, որ վարժարանին աշակերտները ո՛չ միայն կը շարունակեն նշել ազգային եկեղեցական տօները, ինչպէս` Վարդանանքը, Տեառնընդառաջը եւ Բարեկենդանը, այլ կը պահեն նաեւ անոնց գաղափարական իմաստը, որոնցմով կը շեշտուի մեր աւանդապահութիւնը:

Բարեկենդանի աւանդական ձեռնարկին հանդիսավարն էր Սեւան Կարապետեան-Ադամեան: Ան բարի գալուստ մաղթեց բոլորին, ապա ըսաւ, որ աշակերտական ձեռնարկին նպատակն է փոքրիկներուն մէջ սերմանել հայրենասիրութիւն եւ  յարգանք` ազգային արժէքներուն, սովորութիւններուն, ծէսերուն եւ տօներու նկատմամբ: Ան խօսքի աւարտին մաղթեց անամպ երկինք, անհոգ ու բարի մանկութիւն բոլոր փոքրիկներուն:

Բացման խօսքէն ետք, աշակերտները դասարան առ դասարան բեմ բարձրացան ու ներկայացուցին իրենց մարմնաւորած յատուկ կերպարները:

Խանամիրեան քոլեճի շրջանաւարտներ` Ռոյ Աւագեան, Ռիթա Կէրէքմէզեան եւ Ճոյս Դաւիթեան, որպէս դատական կազմի անդամներ, յայտարարեցին իւրաքանչիւր դասարանի լաւագոյն ծպտուած աշակերտները, ապա` բացառիկ ծպտուած աշակերտը: Անոնք հերթաբար բարձրացան բեմ ու ստացան իրենց նուէրները:

Հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, ապա` վիճակահանութիւն:

Խրախճանքի աւարտին բոլոր աշակերտները ստացան իրենց նուէրները ու հրաժեշտ տուին իրարու: Միջնակարգի աշակերտները երեկոյեան «Նոյ» ճաշարանին մէջ տօնեցին Բարեկենդանի առթիւ կազմակերպուած խրախճանքը, ուր նոյնպէս կը տիրէր խանդավառ եւ ուրախ մթնոլորտ:

Իրագործուած այս բոլոր ձեռնարկները կու գան ապացուցելու, որ ուսուցման գործընթացին անբաժան են` հայրենասիրութեան ու քրիստոնէական հաւատքի սերմանումը, մեր նախահայրերու կատարած քաջագործութիւններու արժեւորումը եւ հայկական աւանդութիւնները ամէն գնով պահելու նախանձախնդրութիւնը:

Նախորդը

Թումանեանի Ծննդեան Օրը` Գիրք Նուիրելու Օր

Յաջորդը

Մարտիրոս Մնակեան (1837-1920). Հայ Բեմի Մեծարժէք Դերասանապետը

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.