
«Տիսքուրս» հաղորդումին ընթացքին ՀՅԴ Բիւրոյի Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան եւ Հայ ազգային քոնկրեսի մամլոյ բանբեր, Քոնկրես-ՀԺԿ դաշինքի ցուցակով պատգամաւորութեան թեկնածու Արման Մուսինեան խօսած են խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող քաղաքական ուժերու ծրագիրներու արտաքին քաղաքական բաղադրիչներուն շուրջ:
«Մենք ունեցած ենք խնդիր Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն հետ, տեսած ենք, որ ժամանակի ընթացքին կրնանք ազդել նախագահին ու Հանրապետականին վրայ, եւ որոշ փոփոխութիւններ բերել իրենց մօտեցումներուն մէջ: Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացումը նախապայման է, որ մեր ըսած քաղաքականութիւնը իրականանայ: Մենք չեն կիսեր այն մօտեցումը, որ հիմա աւելի վատ վիճակի մէջ ենք, քան 1998 թուականին: Ընդհակառակն, եթէ 1998-ին կ՛ըսուէր, որ կարգավիճակի հարցի մասին օր մը կը խօսինք, ոչ մէկ սկզբունք կար, թէ ինչպէ՛ս պէտք է լուծուի կարգավիճակի հարցը, հիմա առնուազն կ՛ըսուի, որ կարգավիճակի հարցը պէտք է լուծուի ինքնորոշման իրաւունքի հիման վրայ», ըսած է Կիրօ Մանոյեան:


