Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բարի Լոյս 29. Յարգա՛նք Ձեզի

February 27, 2017
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Ուրբաթ, 24 փետրուարին, Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնը յատուկ հանդիսութեան մը ընթացքին պատուեց Այնճար հայաւանի ՀՄԸՄ-ի սկաուտական շարժումին մէջ բազմամեայ ծառայութիւն բերած եղբայր Լեւոն Թաշճեանը եւ քոյր Վերգինէ Այնթէպլեանը: Ասիկա առաջին պարգեւատրումը չէ այս երկու նուիրեալներուն, որոնք ՀՄԸՄ-ի անցնող 50 եւ աւելի տարիներու տոմարին վրայ իրենց անշահախնդիր ծառայութեամբ եւ նորահաս սերունդներուն ջամբած դաստիարակութեամբ հարստացուցին այնճարահայութեան կեանքը եւ ընդհանրապէս ՀՄԸՄ-ի նշանաբանով բարձրացան ու բարձրացուցին անոր առաքելութիւնը:

Սակայն առիթը պարտաւորեցնող է անդրադառնալու ծառայութեան այս երկու տիպարներու երեւոյթին. անոնցմէ մեր կեանքը ամէն օր ներշնչուելու անհրաժեշտութեան դիմաց կը գտնուի այսօ՛ր, անկասկա՛ծ: Քոյր Վերգինէ Այնթէպլեան միութենական այս պարտականութեան կողքին տասնեակ տարիներ իբրեւ Ազգային «Յառաջ-Գալուստ Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանի մանկապարտիզպանուհի դարձաւ իրերայաջորդ սերունդներու գորգուրացող մայրը: Նոյն խանդավառութեամբ եւ նուիրումով իր շունչին տակ հասակ առին աշակերտներ ու շատ յաճախ անոնց թոռնիկները: Ան իր ասպարէզը վերածեց երջանկութեան անսպառ աղբիւրի, ժպիտը դէմքին վրայ մնաց անպակաս, սիրեց ու սիրուեցաւ բոլոր փոքրիկներէն ու ծնողներէն եւ մնաց իր կոչումին հաւատարիմ ծառայ: Մնաց ու կը շարունակէ մնալ բոլորին օրիորդ Վերգինէն, նոյնիսկ այսօ՛ր: Ազգային կրթութեան եւ ազգային վարժարանի դերակատարութեան խորապէս հաւատացող այս տիպարը ամբողջ կեանքը` իր առօրեայով ու յուզումներով խառնեց վարժարանի մանկապարտէզին հետ, նոյնացաւ անոր տագնապներուն եւ անհունօրէն հպարտացաւ անոր նուաճումներով: Աւելի՛ն, իր շունչին տակ հասակ առին նոր դաստիարակներ, որոնց` կրթական եւ մանկավարժական մեթոտներու վարժեցման կողքին, հաւատարմօրէն փոխանցեց հայ կրթական մշակի իր հասկացողութիւնը, ըմբռնումն ու հաւատամքը:

Եղբայր Լեւոն Թաշճեան երեւոյթ է ու կը շարունակէ մնալ մեր կեանքին մէջ: Թէեւ պարագաներու բերումով ան չէ ստացած ուսումնական համապատասխան կրթութիւն, այսուհանդերձ իր ինքնաշխատութեամբ ու հետեւողականութեամբ եւ մանաւանդ հայ հոգեմտաւոր արժէքներուն նկատմամբ երկրպագութեան հասնող իր սիրով յաջողած է կերտել ինքզինք եւ դերակատար դառնալ նորահաս սերունդներու ֆիզիքական, ազգային ու գաղափարական եւ յատկապէս միութենական կազմաւորման գործընթացներուն մէջ: Լեւոն կը մնայ ծառայութեան, համեստութեան, բարիութեան ու անշահախնդրութեան վաւերական խորհրդանիշ մը մեր կեանքին մէջ: Ան տակաւին աշխուժ մարզիկ է, կը մասնակցի վազքի մրցաշարքերու եւ նոր մետալներով կ՛աւելցնէ գիւղի հպարտութիւնը: Ան միշտ պատրաստ մարտիկ ու զինուոր է եւ հո՛ն է, ուր մեր ազգային ու հողային անվտանգութիւնը մարտահրաւէրի դիմաց է: Այս յաւերժ ուխտաւորը քանիցս այցելած է մեր հայապատկան, բռնագրաւեալ բոլոր հողերն ու տարածքները, հետիոտն հասած է շատ մը հայրենի բնակավայրեր, ապրած է մեր ժողովուրդի բոլոր բեկորներուն հետ ու ընտելացած անոնց նկարագիրին, ապրումներուն եւ սովորութիւններուն` դառնալով հետաքրքրական տեղեկութիւններու հարուստ շտեմարան մը: Հայ մշակոյթը եղբայր Լեւոնի համար սրբութիւն է: Այս համեստ նուիրեալին քրտինքը շաղախուած է Այնճարի հարուստ ու բարեբեր հողին եւ ան կը շարունակէ արթուն պահապանը մնալ գիւղի անվտանգութեան ու հայեցի դիմագիծին: Լեւոն բոլոր գիւղացիներուն հարազատն է եւ միշտ անոնց օգնութեան հասնող առաջին կամաւորներէն մէկը: Մեծ ու փոքր գործերը նոյն լրջութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ կատարող այս հայորդիին համար նոյնիսկ մեռելաթաղի պարտականութիւնը ի պահանջեալ հարկին կարեւոր աշխատանք  է: Այսօ՛ր, ան նաեւ իր ընտանեկան բոյնի կազմութեամբ  այժմէական պատգամ մը կու տայ գիւղին ու բոլորին:

Այս բոլորը գրելով ու հաստատելով մենք մեծարեալներուն համեստութիւնները վիրաւորած չենք ըլլար: Այս արժէքներու վերծանումը կը գօտեպնդէ մեզի, որպէսզի նոր լիցքաւորումով շարունակուի մեր հաւաքական գործը եւ երթը: Անկասկած տակաւին ըսուելիք ու վկայելիք շատ բան կայ, այդ մէկն ալ կը կատարուի իրենց գործընկերներուն եւ իրենց շուքին տակ հասակ առած «բանակ»-ին կողմէ յարմար ժամանակին: Մինչ այդ` անոնց կը մաղթենք արեւշատութիւն եւ բեղուն ծառայութիւն:

Յարգա՛նք ձեզի…

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Համախարբերդի Հայրենակցական Միութիւն. Սուրէն Նազարեանի «Գիրք Երախտիքի» Հատորի Շնորհահանդէսը

Յաջորդը

Արեւմուտքի Մէջ Վրայերթերու Շարք

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.