Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռաքքայի Գործողութեան Վերաբերեալ Ամերիկեան Դիրքորոշման Մէջ Փոփոխութիւն Կայ» Կ’ըսէ Ըշըք

February 23, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըք յայտնեց, որ Ռաքքայի ազատագրութեան գործողութեան վերաբերեալ ամերիկեան վարչակազմի դիրքորոշման մէջ նշմարելի փոփոխութիւն գոյութիւն ունի: «Ներկայ վարչակազմը ուշադրութեամբ մտիկ կ’ընէ Թուրքիոյ տեսակէտները, եւ միայն գործողութեան ուշացման գինին վերաբերեալ մտահոգութիւն ունի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ, Թուրքիոյ կարծիքով, գործողութեան ուշացումը որեւէ գին չունի, ընդհակառակը անոր ճիշդ պահուն եւ յարմար մասնակիցներով գործադրութիւնը տարածաշրջանի կայունութեան եւ Միջազգային դաշինքին համար մեծ յաջողութիւն  պիտի ըլլայ: Ըշըք ըսաւ, որ Անգարա սկիզբէն Ուաշինկթընի ըսած է, որ անյարմար դերակատարներու հետ գործակցիլը տարածաշրջանին մէջ դրական արդիւնքներու պիտի չառաջնորդէ:

«Մընպեժ քաղաքը Ռաքքային այլընտրանքը չէ եւ ոչ ալ Ռաքքան Մընպեժի, սակայն Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալներու անկէ հեռացումը մեզի համար անխուսափելի հարց մըն է», շեշտեց ան` նշելով, որ Ուաշինկթըն նախապէս Անգարայի խոստացած էր Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան եւ Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու բոլոր զինեալները հեռացնել Մընպեժէն: «Ներկայիս միասնաբար ատոր գործադրութեան ուղղութեամբ կ’աշխատինք», աւելցուց ան:

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն իր կարգին յայտնեց. «Սուրիական Պապ քաղաքի վերահսկողութիւնը ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ խմբաւորումէն խլելը կարեւոր է ծայրայեղական խմբաւորումը Ռաքքայի մէջ իր կեդրոնատեղիէն վտարելու համար»:

«Ճիշդ չէ այն խօսքը, թէ զինեալներուն դէմ պայքարին մէջ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու այլընտրանք գոյութիւն չունի», նշեց ան:

Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժերը Ռաքքայի
Արեւելքը Յառաջացած Են Դէպի Եփրատ Գետ

Թրքական «Էվրենսել» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր խմբաւորումը, որ բաղկացած են քրտական եւ արաբական ուժերէ, յայտարարած է, որ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ յառաջացած է մինչեւ Եփրատ գետ:

Կը նշուի, որ քրտական ղեկավարութեամբ խմբաւորումը Ռաքքայի արեւելքը լուրջ յառաջընթաց արձանագրած է եւ տեղաւորուած Եփրատի ափերուն, ինչ որ անոր թոյլ կու տայ անհրաժեշտութեան պարագային շրջափակել տարածքի զգալի մասը:

Օրեր առաջ թրքական մամուլին մէջ տարածուած էին լուրեր այն մասին, թէ Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու սպայակոյտերու ղեկավարներու միացեալ կոմիտէի ղեկավար Ճոզըֆ Տանֆըրտի եւ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքարի միջեւ` վերջերս Ինճիրլիք ռազմակայանին մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին յստակ համաձայնութիւն չէ գոյացած Ռաքքայի մէջ կատարուելիք զինուորական գործողութեան միացեալ ծրագիրին շուրջ:

Նախորդը

Քալամոնի Դէմ Իսրայէլեան Օդուժի Յարձակո՞ւմ

Յաջորդը

«Սուտաստանի Վհուկ Շլապլան» Թատերախաղի Աշակերտական Ներկայացում

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.