Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Տուպայի 28-րդ միջազգային մրցաշարքի ծիրին մէջ, երէկ լիբանանեան երեք խումբերը` ՀՄԸՄ, Ռիատի եւ Սաժես, մրցումներ կատարեցին:
ՀՄԸՄ ճակատեցաւ Եգիպտոսի ազգային հաւաքականին դէմ եւ շատ լաւ խաղարկութեամբ 98-80 արդիւնքով (կիսախաղ` 49-48), արժանի յաղթանակ մը արձանագրեց` ուրախացնելով աշխարհասփիւռ իր համակիրները:
Այսպիսով, ՀՄԸՄ ցարդ իր կատարած հինգ մրցումներուն արձանագրած է 3 յաղթանակ եւ կրած 2 պարտութիւն:


