
Թրքական «Տեմոքրաթհապեր»-ը կը հաղորդէ, որ Իրանի վերաբերեալ Թուրքիոյ իշխանութիւններու վերջին յայտարարութիւններուն հարցով Թեհրանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը կանչուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւն:
Թեհրան դեսպան Ռըզա Հաքան Թեքինին փոխանցած է խիստ դիտողութիւն` Պահրէյնի մէջ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Միւնիխի մէջ արտաքին գործոց նախարարի Մեւլութ Չաւուշօղլուի կատարած յայտարարութիւններուն առնչութեամբ:
Էրտողան Պահրէյն կատարած իր այցելութեան ընթացքին քննադատած էր Իրանը` ըսելով, որ այդ երկիրը Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ «պարսկական ազգայնական» քաղաքականութիւն կը վարէ: Նոյնպիսի յայտարարութիւն մը կատարած էր նաեւ Չաւուշօղլու:
Միւս կողմէ, թրքական «Տիքեն» լրատուամիջոցը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Հիւսէյն Միւֆթիւօղլու պատասխանած է իրանցի իր պաշտօնակից Պահրամ Քասեմիի յայտարարութեան, որուն մէջ վերջինս նշած էր. «Թուրքիոյ նկատմամբ համբերութիւն պիտի ցուցաբերենք, սակայն մեր համբերութիւնը սահման ունի: Կ՛ակնկալենք, որ թուրք պաշտօնատարները աւելի իմաստուն կերպով խօսին Իրանի մասին»:
Միւֆթիւօղլու Իրանը կոչած է շրջանին մէջ լարուածութեան եւ անկայունութեան պատասխանատու` անընդունելի նկատելով ուրիշներու հասցէին մեղադրանքներ հնչեցնելը: Ան յորդորած է Իրանը «զինք քննադատող երկիրները մեղադրելու փոխարեն կառուցողական քայլերու ձեռնարկելու եւ վերատեսութեան ենթարկելու իր շրջանային քաղաքականութիւնը»:


