Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Կ՛որոշէ Յատկացնել 250 Հազար Տոլարի Պարգեւ` Առեւանգուած Զինուորներու Ճակատագիրին Մասին Տեղեկութիւն Փոխանցողին

February 18, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին նախագահեց կառավարութեան նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ 46 կէտերէ բաղկացող օրակարգ մը, ինչպէս նաեւ պետական ամավարկի ծրագիրը:

Նիստին ընթացքին Հարիրի վերահաստատեց իր հօր` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան 12-ամեակին առիթով իր արտայայտած այն կեցուածքը, թէ Լիբանանը պահպանողը համախոհութիւնն է եւ լիբանանեան պետութեան նկատմամբ ցուցաբերուած զօրակցութիւնը:

Ան շեշտեց, որ Լիբանանի անձեռնմխելիութիւնը կը պահպանուի արաբական աշխարհին եւ յատկապէս Սէուտական Արաբիոյ հետ անոր ունեցած սերտ յարաբերութիւններուն շնորհիւ:

Վարչապետ Հարիրի նշեց, որ ինչպէս հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն հաստատած է, Սէուտական Արաբիա ահաբեկչութեան դէմ ընդարձակ պայքար շղթայազերծած է:

Հարիրի շեշտեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ արաբական երկիրներուն հետ իր յարաբերութիւնները հեզասահ պահելու եւ ամրապնդելու սկզբունքին, յատկապէս Ծոցի երկիրներուն եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն հետ, ուր տասնեակ հազարաւոր լիբանանցիներ կ՛ապրին ու կը գործեն:

Վարչապետը ընդգծեց, որ Լիբանանն ու լիբանանցիները արտաքին վտանգներէ պաշտպանելը եւս հանրապետութեան նախագահին եւ կառավարութեան որդեգրած քաղաքականութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային բանաձեւերու, մասնաւորաբար Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին կը համընկնի:

«Հանրապետութեան նախագահին հետ համաձայնութիւն մը գոյացնելու մեր քաղաքականութիւնը կը միտի հաստատել ապահովական ցանց մը, որ երկու սկզբունքի վրայ հիմնուած է` Եւրոպայի, Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Չինաստանի եւ միջազգային որոշումի մայրաքաղաքներու, ինչպէս նաեւ արաբական երկիրներու նկատմամբ բաց քաղաքականութիւն վարել եւ միջազգային որոշումները յարգել», ընդգծեց Հարիրի:

Հարիրի յայտնեց, որ այս գործելաոճը որդեգրուած է, որպէսզի Լիբանանի նկատմամբ վստահութիւնը վերահաստատուի, անոր տնտեսութիւնը դարձեալ բարգաւաճի եւ լիբանանցի երիտասարդին դիմաց աշխատանքի առիթներ բացուին:

Հարիրի շեշտեց, որ բոլորը պէտք է գործակցին լիբանանեան պետութեան, հանրապետութեան նախագահին եւ կառավարութեան հետ, որպէսզի Լիբանանը պաշտպանելու իմաստով որդեգրուած այս քաղաքականութիւնը յաջող դուրս գայ եւ երկիրը շրջանցէ բոլոր դժուարութիւնները:

Նիստէն ետք մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի ընթերցեց կառավարութեան որոշումները` յայտնելով, որ որոշուեցաւ 250 հազար տոլարի վարձատրութիւն յատկացնել անոր, որ տեղեկութիւն կը փոխանցէ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ առեւանգուած զինուորներուն ճակատագիրին բացայայտման վերաբերեալ: Ան աւելցուց, որ այս որոշումը տրուած է հանրապետութեան նախագահ Միշել Աունի, վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջարկով եւ բանակի ղեկավարութեան հետ համագործակցաբար: Խուրի աւելցուց, որ նիստին ընթացքին քննարկուած է ամավարկը` դիտել տալով, որ տակաւին քննարկումները սկզբնական փուլի մէջ են, սակայն ամէն ինչ դրական բնոյթ կը ստանայ:

Նախարար Խուրի տեղեկացուց, որ երեք օրերու վրայ երկարելիք յաջորդ ժողովները պիտի յատկացուին պետական ամավարկի կէտերու մանրամասն քննարկման:

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Զօր. Քահուաժի. «Երկրին Ապահովական Կայունութիւնը Պահպանելու Իմաստով Բանակը Ճիգ Պիտի Չխնայէ»

RelatedPosts

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին  Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին,  Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»
Լիբանանեան

Ժոմպլաթ. «Սխալեցանք, Երբ Իսլամապատի Ուղիին Փոխարէն Ընտրեցինք Ռուպիոյի Ուղին, Որ Մեզ Որեւէ Տեղ Պիտի Չառաջնորդէ»

October 27, 2026
Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան  Կառչելու Եւ Քաղաքացիական  Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու
Լիբանանեան

Խրէյս Կոչ Կ՛Ուղղէ Ազգային Միասնականութեան Կառչելու Եւ Քաղաքացիական Խաղաղութիւնը Պաշտպանելու

October 27, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.