Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Էրտողան. «Թրքական Ուժերը Հասան Պապի Կեդրոնը Եւ Այդ Քաղաքէն Ետք Պիտի Ուղղուին Մընպեժ Եւ Ռաքքա»

February 13, 2017
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան երէկ Պոլսոյ մէջ դէպի Արաբական ծոց շրջապտոյտի մեկնելէ առաջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկրին ուժերը հասած են սուրիական Պապ քաղաքի կեդրոնը` նշելով, որ քաղաքը բոլոր կողմերէն պաշարուած է թրքական ուժերուն եւ Սուրիական ազատ բանակին կողմէ, որոնք գրաւած են քաղաքի հիւանդանոցը` այդպիսով ամբողջացնելով «գործողութեան կարեւորագոյն բաժինը»:

«Պապ քաղաքէն ետք թրքական ուժերը պիտի ուղղուին Սուրիոյ հիւսիսը գտնուող Մընպեժ եւ Ռաքքա քաղաքներ», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Անհրաժեշտ է, որ Սուրիական ազատ բանակը ըլլայ Սուրիոյ ազգային բանակը»:

Էրտողան նաեւ նշեց. «Կարելի չէ Սուրիոյ մէջ ապահով գօտիներ հաստատել` առանց թռիչքներու արգիլեալ գօտիներ հաստատելու»: Ան ըսաւ, որ վերջին ամիսներուն արձանագրուեցան զարգացումներ, որոնք սուրիական հարցին մէջ շրջադարձ կը նկատուին:

Էրտողան յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ թրքական ուժերու գործողութեան նպատակը 4-5 քիլոմեթր տարածութեամբ ահաբեկչութենէ ազատ ապահով գօտիի ստեղծումն է` նշելով, որ այդ լուծումին շնորհիւ Սուրիայէն արտագաղթը պիտի դադրի եւ գաղթակայաններուն մէջ բնակողները պիտի վերադառնան իրենց երկիրը:

«Մենք աշխատանք կը տանինք եւ ջանք կը թափենք այդտեղ նոր քաղաքներ հաստատելու: Եւ ես այդ գաղափարները քննարկեցի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Թրամփի, Միջազգային դաշինքի ուժերուն եւ Գերմանիոյ հետ», ըսաւ Էրտողան:

 

Նախորդը

Լաւրով Միացեալ Նահանգներու Նոր Վարչակազմին Հետ Աւելի Աշխուժ Հաղորդակցութիւններ Կը Նախատեսէ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Ընտրական Կեդրոնական Յանձնախումբը Յայտարարած Է Երկրին Մէջ Հանրաքուէի Կատարման Թուականը

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.