Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ընկերային Ծառայութեան Միջազգային Օրուան Առիթով Տիկնանց Յանձնախումբերու Հաւաք

February 13, 2017
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընկերային ծառայութեան միջազգային օրուան առիթով, նախաձեռնութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի Ազգային վարչութեան Ընկերային յանձնախումբին, չորեքշաբթի, 1 փետրուար 2017-ին, յետմիջօրէի ժամը 5:00-ին, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ թեմի ծուխերու թաղական խորհուրդներու տիկնանց յանձնախումբերու հաւաք:

Հանդիպումին բարի գալուստի խօսքը Ընկերային յանձնախումբին անունով արտասանեց Մարալ Հարպոյեան, որ նշեց, թէ Տիկնանց յանձնախումբերը թաղական խորհուրդներու հովանիին տակ կը գործեն` նիւթապէս եւ բարոյապէս նեցուկ կանգնելով կարիքաւորներուն: Հարպոյեան հաստատեց, որ ընկերային ծառայութեան միջազգային օրը լաւագոյն առիթն է այս մարզին մէջ աշխատողները քով-քովի բերելու, աշխատանքները համակարգելու եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին պատկերացումներ կազմելու:

Ապա խօսք առաւ Ընկերային յանձնախումբի ատենապետ Քրիստին Սարգիսեան, որ ներկայացուց Ազգային վարչութեան Ընկերային յանձնախումբի գործունէութիւնը եւ եկեղեցիներուն շուրջ համախմբուած հայորդիներուն նկատմամբ կատարուած ծառայութիւնները աշխուժացնելու եւ առաւել եւս արդիւնաւորելու կարելիութիւնները: Սարգիսեան ըսաւ, որ հաւաքական աշխատանքով` ձեռք-ձեռքի տալով կրնանք արձանագրել նոր նուաճումներ, որովհետեւ մեր ժողովուրդին  կարիքները շատ են, եւ այս բոլորին դիմաց մենք ընկերային առումով ունինք մեծ պարտաւորութիւններ:

Զոյգ խօսքերէն ետք ծուխերու թաղական խորհուրդներու տիկնանց յանձնախումբերը հերթաբար ներկայացուցին ընկերային մարզին մէջ իրենց ծաւալած աշխատանքները եւ դժուարութիւնները: Զեկուցումներուն ընդմէջէն ներկաները շեշտեցին, որ ժողովուրդ-եկեղեցի կապը պէտք է յաւելեալ ուժգնութեամբ ամրապնդուի, որպէսզի եկեղեցին մեծամասնութեան համար դադրի արարողութիւններու հաւաքավայր ըլլալէ եւ վերածուի ամբողջական իմաստով հոգեւոր կեդրոնի:

Աւարտին, ներկաները հաստատեցին, որ նմանօրինակ բնոյթի հաւաքներ յառաջիկային պէտք է կրկնուին հետեւողական դրութեամբ եւ քննութեան առարկայ դարձնեն եկեղեցին եւ ընկերութիւնը յուզող այլազան նիւթեր` փոխադարձ փորձառութիւններէ օգտուելու եւ համատեղ ծրագիրներ մշակելու նպատակադրումներով:

Նախորդը

Խօսք Տոքթոր Հրայր Սրապեանի Յիշատակին

Յաջորդը

«Խանձուած Օրեր»-ուն Հետ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.