Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նամակ Երկրէն. Ընտրութիւններ Եւ Ստուերային Տնտեսութիւն (1)

February 6, 2017
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ

Գրեթէ երկու ամիս առաջ Հայաստան ներխուժած ու Երեւանը պարուրած սառնամանիքը հեռանալու տրամադրութիւն չունի: Ահաւոր ցուրտ է, Երեւանն ալ` մառախլապատ ու սառցակալած: Ըստ երեւոյթին, 100 տարուան մէջ միայն 4 անգամ Երեւանը այսքան ցուրտ ու միաժամանակ մշուշածածկ եղած է: Ջեռուցման ծախսերը շատ ծանր կը կշռեն սահմանափակ եկամուտ ունեցող ընտանիքներուն վրայ: Անապահով խաւը Հայաստանի բնակչութեան մօտ 40 տոկոսն է, եւ հարիւր հազարաւոր հայաստանցիներու համար առաջնահերթութիւնը ձմեռը խերով-բարով անցընելն է: Քաղաքական ուժերը, սակայն, այլ առաջնահերթութիւն ունին: Քաղաքական մթնոլորտը արդէն վաղուց տաքցած է անոնց մօտ: Մօտ երկու ամիս յետոյ տեղի պիտի ունենան խորհրդարանական ընտրութիւնները, եւ բոլոր կուսակցութիւնները աշխատանքի լծուած են ընտրութիւններուն առաւելագոյն քուէ ապահովելու յոյսով…

Հայաստանի մէջ բոլոր ընտրութիւններն ալ վիճայարոյց եղած են… Իւրաքանչիւր ընտրութենէ կամ հանրաքուէէ ետք ժողովուրդին կարեւոր մէկ մասը քուէարկութիւններու արդիւնքները դիմաւորած է թերահաւատութեամբ, որովհետեւ համատարած եղած են խարդախութիւնները, զեղծումները, չարաշահութիւնները… դատարանները ընթացք չեն տուած բողոքներուն, կամ` ձեւական պատիժներ տուած են երկրորդական-երրորդական դերակատարներու, իսկ վերջաւորութեան ժողովուրդը տուն գացած է յուսախաբ ու բարոյալքուած, իր քուէն կողոպտուած ըլլալու դառն զգացումով:

Հիմա, սակայն, իշխանութիւնները կը խոստանան արդար եւ ազատ ընտրութիւններ: Ընտրական նոր օրէնսգիրքը, կ՛ըսեն անոնք, արժանացած է ընդդիմադիրներու հաւանութեան: Այսուհետեւ ընտրութիւններէն ետք քուէարկողներու անուանացանկերը հասանելի պիտի ըլլան քաղաքական բոլոր ուժերուն, ուրեմն դժուար պիտի ըլլայ քանի մը հարիւր հազար բացակայ հայաստանցիներու քուէները օգտագործել եւ փոխել քուէարկութիւններու արդիւնքը, կը շեշտեն իշխանական ուժերը: Միաժամանակ, նկարահանող սարքեր պիտի դրուին մօտ 1500 ընտրատեղամասերու մէջ, ուրեմն այս ձեւով կարելի պիտի ըլլայ նաեւ ընտրատեղամասերու մեծամասնութեան մէջ խախտումներու կանխումը, կը պնդեն անոնք:

Քաղաքական տարբեր ուժեր դաշինքներ կը կազմեն ազդեցիկ ուժ ունենալու յոյսով: Քաղաքական կեանք վերադարձած է նաեւ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան հիմանդիր եւ երբեմնի ղեկավար Գագիկ Ծառուկեանը: Ան մօտ երկու տարի առաջ «քաղաքական աքսոր»-ի ենթարկուած էր գործող նախագահին` Սերժ Սարգսեանին կողմէ: Այս վերջինին երբեմնի դաշնակիցը` պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանը դաշինք կնքած է անոր ոխերիմ հակառակորդներէն` Րաֆֆի Յովհաննիսեանի եւ արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանի հետ: Նախկին իշխանաւոր եւ վարչապետի պաշտօնէն հեռացուած Յովիկ Աբրահամեանը հիմա դարձած է ընդդիմադիր եւ կը պատրաստուի պայքարելու իր նախկին ընկերներուն դէմ: Յանձինս նոր վարչապետ Կարէն Կարապետեանի` ընտրութիւններուն որոշիչ դեռ պիտի ունենան նաեւ ռուսահայ սակաւապետները, որոնք ի մէջ այլոց նաեւ պարտականութիւնը ունին երաշխաւորելու եւ ապահովելու Ռուսիոյ շահերուն ներկայութիւնը… Հայաստանի մէջ:

Քաղաքական մրցակցութեան, քուլիսներու ետին տարուող աշխատանքներուն եւ նախքան պաշտօնական ընտրապայքարի մեկնարկը` միլիոններու հասնող կանխիկ գումարներու շրջագայութեանց մասին կը գրեմ յառաջիկայ նամակներուս մէջ: Մինչ այդ կը յուսամ, որ եղանակն ալ կը փոխուի ու աւելի ջերմ օրեր կը պարգեւէ հայրենաբնակ մեր ժողովուրդին:

Գրեցէ՛ք ինծի:

rafdoud@aol.com

 

Նախորդը

Տուրք Չտալ Յուսահատութեան

Յաջորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Փետրուար Ա.- Քննարկումի Որակաւոր Հարթակ

RelatedPosts

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Եպիսկոպոսներու Եւ Մէկ Քահանայի Մեղադրանք Առաջադրուած Է

February 2, 2026
Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է
Գլխաւոր լուրեր

Ռուսիայէն Ազրպէյճանի Տարածքով Հայաստան Հացահատիկ Ուղարկուած Է

February 2, 2026
Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»
Հայկական

Մասլեննիքով. «Հայաստանի Եւրոպական Միութեան Հետ Մերձեցումը Պիտի Ազդէ Ռուսիոյ Հետ Անոր Դաշնակցային Յարաբերութիւններուն Վրայ»

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.