ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Օտար մշակոյթ մը ձեզի պիտի թուի ըլլալ ամբողջովին ծանօթ, թերեւս ձեր ներքին մտածողութեան իմաստն է այս, որով պիտի կարենաք յառաջանալ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Օրը լաւ է ձեր ուզած հարցերը լուծելու: Պիտի տաք հաստատուն նկարագրի օրինակ մը, որ պիտի օգնէ ձեզի ձեր գործերը դիւրութեամբ կատարելու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Երբ յուսահատութիւնը տիրէ ընտանիքի մէկ անդամին վրայ, բոլորը պիտի մտահոգուին անով: Պէտք չկայ այդքան յուսահատելու: Հարցերը կրնան կարգադրուիլ ինքնաբերաբար:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Իրական փոփոխութիւն մը ունենալու համար պէտք է հաշուի առնէք օրուան հարցերը: Հարցը ներկայացուր, ինչ որ կարեւոր է: Իւրաքանչիւր անձ պիտի տայ իր կարծիքը:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Եթէ շատ հարցեր սեղանի վրայ դրուին, ձեր հարցն է, որ պիտի տպաւորէ եւ ընդունուի բոլորին կողմէ:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեզի պիտի առաջարկուի մասնակցիլ խնդրայարոյց հարցի մը լուծման: «Այո» ըսէք` առանց վարանելու: Օրը ունի տարբեր, հաճելի անակնկալներ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Պիտի չգտնէք անձ մը, որ գնէ ձեր ծախած մէկ ապրանքը, որովհետեւ սուղ կը պահանջէք: Սակարկեցէք` առանց մանրամասնութիւններու:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Անցեալի սէր մը պիտի վերայայտնուի: Ձեր սիրտը պիտի տրոփէ ուժգին: Այս ձեր փափաքն էր, որ իրականութիւն պիտի դառնայ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Քոյր եւ եղբայր պիտի վիճիք հարցի մը շուրջ, որուն պատճառը յստակ է արդէն ձեզի: Երբ գիտէք իւրաքանչիւրիդ մղում տուող պատճառները, պէտք է հարցին մօտենաք իրապաշտ ձեւով:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Հետաքրքրուեցէք գիրքերով: Մխրճուելով ընթերցանութեան մէջ` հեռու պիտի մնաք որոշ հարցերէ: Զիրար հասկնալը կարեւոր է այսօր:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Օգնեցէք յուսահատութեան մէջ եղող անձի մը: Անուշ խօսք մը, հաճելի զրոյց մը, քիչ մըն ալ դրամ` պիտի լուծեն հարցը: Հետեւեցէք օրուան կշռոյթին:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Թոյլ մի՛ տաք, որ ձեր միտքերը ուրիշներ ոչինչ նկատեն: Պաշտպանեցէք ձեր մտաւորականի կեցուածքը: Թոյլ մի՛ տաք, որ տգէտ անձեր միջամուխ ըլլան ձեր միտքերուն:
