Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը Կը Մասնակցի «Կրօններու Դերը Համաշխարհային Խաղաղութեան Հաստատման Մէջ» Համագումարին

January 30, 2017
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երեքշաբթի, 24 յունուար 2017-ին, Սուրիոյ մայրաքաղաք Դամասկոսի մէջ տեղի ունեցաւ  միջազգային համագումար մը, «Միաստուածեան կրօններու դերը համաշխարհային խաղաղութեան հաստատման մէջ» նիւթով:

Համագումարը կազմակերպուած էր Սուրիոյ Կրօններու նախարարութեան` «Աուքաֆ»-ի  եւ Սուրիոյ մէջ Իրանի դեսպանատան մշակութային բաժանմունքին կողմէ:

Համագումարին իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանէն, Իրանէն, Իրաքէն եւ Սուրիայէն մտաւորականներ, կրօնական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ Իրանի եւ Իսլամական յեղափոխութեան հոգեւոր առաջնորդ այաթոլլա Ալի Խամենէիի ներկայացուցիչները: Համագումարին հրաւիրուած էին նաեւ նշեալ երկիրներու քրիստոնեայ հոգեւոր պետերը, որոնց կարգին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս: Համագումարին վեհափառ  հայրապետը ներկայացուց Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան:

Համագումարի ընթացքին սրբազան հայրը խօսք առնելով նախ եւ առաջ ներկաներուն փոխանցեց վեհափառ հայրապետին ողջոյնը եւ բարեմաղթութիւնները: Ապա սրբազան հայրը խօսեցաւ «Համատեղ գոյակցութեան անհրաժեշտութիւնը խաղաղութեան գործընթացին մէջ» նիւթին մասին: Ան իր խօսքին մէջ Աստուածաշունչէն եւ Քուրանէն մէջբերումներ կատարելով անդրադարձաւ միաստուածեան կրօններու հասարակաց հաւատալիքներուն եւ գործակցութեան անհրաժեշտութեան` շեշտելով, որ առանց կրօններու միջեւ համագործակցութեան կարելի չէ իրագործել մնայուն ու ամբողջական խաղաղութիւն: Սրբազան հօր խօսքը բարձր գնահատանքի արժանացաւ:

Համագումարին ելոյթ ունեցան նաեւ ասորի ուղղափառ եւ յոյն ուղղափառ պատրիարքներու ներկայացուցիչները:

Նախորդը

Իսկապէս Ծնունդ Էր, Վերածնունդ…

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Խմբագրական.  Պետականութեան Յարատեւութեան  Կարգախօսին Տակ
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Պետականութեան Յարատեւութեան Կարգախօսին Տակ

October 24, 2026
Յարձակումը` Միջանկեալ  Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք.  Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ  Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»
Գլխաւոր լուրեր

Յարձակումը` Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Անմիջապէս Ե՞տք. Թրամփ. «Իրանի Մէջ Այժմ Չունիմ Մէկը Որուն Հետ Բանակցիմ»

October 24, 2026
Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով  Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Գալիլիոյ Մօտ Յարձակումի Պատճառով Իսրայէլացի 6 Զինուորներ Վիրաւորուեցան

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.