
Միացեալ Նահանգները ներկայացնող Ալեքսանտր Սարգիսեան իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրեց ամերիկեան Մաուի կղզիին մէջ տեղի ունեցող թենիսի «Հաուայ Չելընճըր» միջազգային մրցաշարքի ծիրին մէջ:
26 տարեկան Սարգիսեան իր այս յաղթանակը արձանագրեց 1 ժամ 12 վայրկեանի ընթացքին, երբ 6-4 եւ 6-4 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ժեն Ֆլին (Չինաստան):
Քառորդ աւարտականին ամերիկահայ մարզիկին մրցակիցը պիտի ըլլայ անգլիացի Քեմերոն Նորի:


